Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Յուլիս 1964)

July 31, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եղիշէ Պատրիարք
Պուէնոս Այրեսի Մէջ

Յուլիս 12-ին Պուէնոս Այրես հասած է Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան: Արժանթինեան թերթեր արձագանգ հանդիսացած են պատրիարքին ժամանումին եւ տեղեկութիւններ տուած` Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան մասին:

Եղիշէ պատրիարք իրեն ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին բացատրութիւններ տուած է Ս. Յարութեան տաճարի նորոգութեան աշխատանքներուն շուրջ, որոնք սկսած են երկու տարի առաջ` հսկողութեանը ներքեւ երեք ճարտարապետներու, որոնցմէ մէկը հայ է:

Արժանթինի հայութիւնը խանդավառ ընդունելութիւն մը ցոյց տուած է Եղիշէ պատրիարքին:

 

Յուսատու Երեւոյթ Մը

Հայ Առաջին Վարժարանը Շուտով
Պիտի Բացուի Ամերիկայի Մէջ

Ամերիկահայութեան տարիներու երազը սկսած է իրականութիւն դառնալ: Լիբանանէն ղրկուած կայծը ունեցած է իր բարերար արդիւնքը, Պոսթընի մեր պաշտօնակիցը` «Հայրենիք» (25 յուլիս), այդ առիթով կը գրէ.-

Բարենշան տեղեկութիւններ կը հասնին մեզի Քալիֆորնիայէն, ուր Հայ կրթական հիմնարկութիւն եւ կրթանուէր կազմակերպութիւններ խօսքէն կ՛անցնին գործի` տարիներու ամայութեան մէջ ովասիս մը ծաղկեցնելու համար. բանալու համար առաջին հայ վարժարանը, որուն երազով կ՛ապրէր ամերիկահայութիւնը տասնամեակներէ ի վեր, օրէ օր ականատես` սերունդներու խորթացումին:

Առաջին իսկ օրէն շեշտած ենք, թէ վարանումներն ու դասալքութիւնը տեղ չեն հասցներ մեզ: Երեսուն քառասուն տարի ձեռնածալ ու անգործ մնալէ ետք, անշո՛ւշտ որ անյաղթահարելի դժուարութիւններ պիտի ցցուին մեր դէմ ու նորանոր զոհողութիւններ պիտի հարկադրեն մեզի:

Որքան ալ ուշ մնացած ըլլանք եւ որքան ալ ծանր պատասխանատուութիւններ դրուին մեր վրայ,  վարանումն ու նահանջը չեն, որ պիտի համակեն մեզ: Այո՛, մինչեւ հինգ տարի անտարբերութիւն, կասկածանք եւ վերապահութիւններ երեւան պիտի գան «հայկական վարժարան»-ին հանդէպ. աշակերտութիւն եւ ծնողներ դանդաղ պիտի շարժին ու նոյնիսկ անվստահութիւն ի յայտ պիտի բերեն: Արդիւնքը կամ օգուտը շատ քիչ պիտի ըլլայ` համեմատաբար նիւթական եւ բարոյական զոհաբերութեանց: Սակայն կասկած մի՛ ունենաք, որ աստիճանաբար պիտի փշրուին չկամութիւնները, փուլ պիտի գան «անյաղթահարելի» դժուարութիւնները, եւ մեր ազգային վարժարանները իրենց ուսումնական մակարդակով ի վիճակի պիտի ըլլան մրցելու ամերիկեաններուն հետ:

Հիմնականը` հայկական վարժարաններու համար.- ծրագրային բաժինը, ուսուցչական անձնակազմը, եւ առաջին չորս հինգ տարիներու նիւթական ինքնաբաւութիւնն է:

Եթէ պիւտճէական դժուարութիւնները հարթուին, մենք կասկած չունինք ծրագրային եւ ուսուցչական մասերու յաջողութեան մասին, երբ մանաւանդ հոգատար մարմիններու մէջ գործին ազնիւ կիրքը եւ ապրումը ունեցող հայ մարդիկ կան:

Եւրոպացին ու ամերիկացին միշտ հմայք մը ունեցած են մեզի համար, եւ ստորադասութեան զգացումը յաճախ կուրցուցած է մեզ` պատճառ դառնալով մեր սեփական արժէքներու ստորագնահատութեան: Իրողութիւնը ա՛յն է մինչդեռ, որ լաւ հայ ուսուցիչն ու դաստիարակը անգերազանցելի ուժ է եղած միշտ եւ յաջողած ամէն տեղ «անկարելին» վերածել կարելիի եւ պատուաբեր յաղթանակի:

Պիտի չկարենանք, անշուշտ, Միացեալ Նահանգներու մէջ ընդհանրական ու բաւարար ծաւալով հայ կրթական շարժում մը ստեղծել. այսինքն` ազգային ընդհանուր առումով հայկական լրիւ վարժարաններ ունենալ ամէն տեղ. այդ առիթը կորսնցուցած ենք դժբախտաբար:

Սակայն գէթ հայահոծ քանի մը նահանգներու կամ քաղաքներու մէջ (Քալիֆորնիա, Տիթրոյթ, Պոսթըն, Նիւ Եորք) յուսատու հեռանկարներ պիտի բացուին մեզի համար: «Ազգը» պիտի չփրկուի թերեւս, սակայն հայերէնը չափով մը պիտի դադրի «մեռեալ լեզու» ըլլալէ: Միւս կողմէ` հաւանաբար փրկուած պիտի ըլլանք… անձնասպանութեան ապաւինած անյոյսներ նկատուելու ճակատագրէն:

Գործի՜, ուրեմն: Քալիֆորնիան թող մեկնակէտ մը ըլլայ «անկարելի»-ի առասպելը խորտակելու:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ծանրաբեռնուած Երեխաներ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.