Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԻՆՔՆԱԳԼՈՒԽ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ՊԻՏԻ ԲՈՂՈՔԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԿԱՌՉԱԾ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆՔ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ

July 12, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի կողմէ ծովային սահմաններուն ճշդումին մասին տրուած որոշումին լոյսին տակ, Լիբանանի կառավարութիւնը յառաջիկայ հինգշաբթի օր գումարելիք իր նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ նկատի պիտի ունենայ նաեւ Լիբանանի ծովային սահմաններուն եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի հարստութեան վերաբերող հարցը:

Այս ծիրին մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ ինք կը պատրաստուի Իսրայէլի դէմ բողոքագիր մը ներկայացնելու ՄԱԿ-ին:

«Անկարելի է, որ Իսրայէլ ինքնիրեն շնորհէ արտակարգ լիազօրութիւնը լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի հանքերուն եւ անոնց հարստութեան տիրանալու` Լիբանանի հաշուոյն համաձայնելով կիպրական կառավարութեան հետ», ըսաւ Մանսուր` աւելցնելով, որ Լիբանան համաձայն չէ կիպրական-իսրայէլեան համաձայնագիրին եւ այդ իմաստով բողոքագիր պիտի յղէ ՄԱԿ-ին:

Մանսուր շեշտեց, որ նախապէս Լիբանան խնդրած է ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնը` ճշդելու համար իր ծովային սահմանները: Ան աւելցուց, որ Իսրայէլի կողմէ տրուած այդ ինքնագլուխ որոշումը միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում կը նկատուի:

«Երբ կայ հողամաս մը կամ ջրային տարածք մը, որ մէկէ աւելի պետութիւններու կը պատկանի, կարելի չէ միայն մէկ պետութեան կողմէ որոշում տալ եւ մնացեալ երկուքը իրաւազրկել», ըսաւ Մանսուր:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան դիւանագիտական եւ քաղաքական բոլոր միջոցներուն պիտի դիմէ` պաշտպանել կարենալու համար իր իրաւունքները:

Մանսուր յայտնեց նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը Կիպրոսի իշխանութիւններուն յղած է նամակ մը, որուն մէջ յստակօրէն յայտնած է, որ ինք համաձայն չէ Իսրայէլի եւ Կիպրոսի միջեւ կատարուած ծովային սահմանագծումին:

Ան ըսաւ նաեւ, որ իրենք հանդիպում մը ունեցած են նաեւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Փանոս Քալոկերոփուլոսի հետ եւ անոր բացատրած այդ համաձայնութեան ունեցած հետեւանքները Լիբանանի վրայ:

Միւս կողմէ, նշենք, որ քարիւղի հանքեր պեղելու միջազգային ընկերութիւնները կը խուսափին պեղումներ կատարելէ այն շրջաններուն մէջ, ուր յստակ սահմանագծում չկայ, ընդհակառակն` անոնց պատկանելիութեան շուրջ  տարակարծութիւններ կան:

Իր կարգին, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Լիբանան կառչած պիտի մնայ քարիւղային իր հարստութեան իրաւունքին` ընդգծելով, որ Լիբանան պիտի կատարէ ծովային իր սահմանագծումը եւ անոր արդիւնքները պիտի ուղարկէ ՄԱԿ-ին:

«Մենք երբեք պիտի չընդունինք, որ Իսրայէլ մեր իրաւունքներուն տիրանայ», ըսաւ Քըրթպաուի:

ՆՇԵՆՔ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի «Ախպար եաում» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ծովային սահմանագծում կատարելու իրաւունք չունին եւ այդ իմաստով ոչ մէկ յանձնառութիւն կը ստանձնեն:

 

 

 

Նախորդը

ՇԱՐՊԵԼ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴԳԾԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ` ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ԻՐ ՀՈՂԵՐՆ ՈՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.