Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրֆայի Մէջ Մզկիթի Վերածուած Հայկական Եկեղեցիներուն Մասին Կը Յիշեն Միայն Ռամատանի Ընթացքին

July 28, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

27-07Firfirli-Kilise«Տեմոքրաթ հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուրֆայի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներէն երկուքը, որոնք Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարիներուն մզկիթներու վերածուած են, բնակիչներուն ուշադրութեան կեդրոնին մէջ կը յայտնուին միայն Ռամատան ամսուան ընթացքին:

Ռամատան ամսուան արեւածագէն մինչեւ մայրամուտ ծոմ պահող թուրք հաւատացեալները կը սիրեն հանգստանալ եւ ծոմի աւարտին սպասել այս եկեղեցիներուն մէջ:

Ուրֆայի մէջ 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով դատարկուած եկեղեցիներէն Ս. Աստուածածինն ու Ս. Առաքելոցը տասնամեակներ ետք մզկիթներու վերածուեցան:

Հին լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւի, թէ քաղաքի համայնապատկերին մէջ ի՛նչ կարեւոր տեղ գրաւած է Ս. Աստուածածինը, որուն կողքին հայկական քոլեճ ու մէկ այլ եկեղեցի կը գտնուէր, իսկ այժմ անոր տեղ թրքական դպրոց է:

Ցեղասպանութենէն ետք մինչեւ Ուրֆայի բերդ երկարող հայկական թաղամասին հետ «ջնջուած» եկեղեցին նախ Անատոլուի նմանատիպ եկեղեցիներուն նման երկար տարիներ անխնամ մնաց` աւերակի վերածուեցաւ, ապա ելեկտրականութեան կայան դարձաւ:

1993-ին վերածուեցաւ մզկիթի եւ մէկ տարի ետք վերաբացուեցաւ արդէն իսլամ հաւատացեալներու համար:

Նման ճակատագիրի արժանացաւ նաեւ Ս. Աստուածածինէն 37 տարի առաջ` 1956-ին մզկիթի վերածուած Ս. Առաքելոց եկեղեցին, որուն կառուցման ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ:

Նահանգապետարանի կայքին վրայ եկեղեցւոյ հայկական անցեալին մասին ոչ մէկ խօսք կայ: Միայն կը նշուի, որ այս երկու հին եկեղեցիները քրիստոնէական կարեւոր կեդրոններ եղած են:

Սակայն այս կառոյցներուն քրիստոնէական անցեալը կը շարունակէ մնալ բնակիչներուն յիշողութեան մէջ: 11 ամիս շարունակ անիկա չի գրաւեր իսլամ հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը: Այն օրերուն, երբ շրջակայքի մզկիթները լեցուն կ՛ըլլան նամազ ընող իսլամներով, այս մզկիթի վերածուած եկեղեցիները այցելուներ չեն ունենար:

Անոնք կը լեցուին տարուան մէջ միայն մէկ ամիս: Այդ հետաքրքրութեան պատճառը Ուրֆայի 40 աստիճան տաքութիւնն է, երբ իսլամ համայնքը կը նախընտրէ տաքութենէն պատսպարուիլ եկեղեցւոյ մէջ եւ սպասել ծոմապահութեան աւարտին:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Լեւոն Հայրապետեանին Մեղադրանքներ Առաջադրուեցան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.