Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Խորհրդարանը Կը Զօրակցի Կազայի Եւ Մուսուլի

July 28, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

27-07khorhertaran_gazaՆախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի, Լիբանանի խորհրդարանը շաբաթ կէսօրուան ժամը 12:30-ին գումարեց արտակարգ նիստ մը` զօրակցելու համար Կազայի եւ Մուսուլի:

Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կառավարութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի եւ պաղեստինեան խմբաւորումները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախկին վարչապետ Ռաշիտ Սոլհի, երեսփոխան Միշել Հըլուի, նախկին երեսփոխան Մանուէլ Եունեսի եւ Կազայի զոհերուն յիշատակը:

Ապա խօսք առաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց պաշտպանել Իրաքի քրիստոնեաները եւ ճնշում բանեցնել` կասեցնելու Կազայի դէմ բռնաճնշումները:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ պետութիւնները պէտք է պաշտպանեն իրենց քաղաքացիները. ան խստիւ դատապարտեց իսլամական կրօնին անունով քրիստոնէութեան դէմ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած հալածանքները, ինչպէս նաեւ Կազայի բնակիչները սպանդի ենթարկող իսրայէլեան պատերազմը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց ՏԱՀԵՇ-ի եւ Իսրայէլի վտանգին դիմադրելու` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան պարտութիւնը ժողովուրդին պարտութիւնն է:

Ֆայեատ հաստատեց, որ պաղեստինեան դատը կեդրոնական դատն է եւ այդ մէկը բնաւ պէտք չէ մոռնալ: Ան խստիւ քննադատեց շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ին տեղ տուող, «սնուցանող» եւ պարտականութիւններ վստահող ուժերը:

Երեսփոխան Ղազի Արիտի խստիւ դատապարտեց Մուսուլի մէջ քրիստոնեայ համայնքին դէմ գործուող բռնարարքներն ու զանոնք բռնագաղթի ենթարկելու քայլերը` հաստատելով, որ այդ մէկը շրջանին համար տարիներէ ի վեր գծուած ծրագիր մըն է:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցիներուն եւ մերժեց Մուսուլի քրիստոնեաներուն բռնագաղթի ենթարկուիլը:

Խօսք առաւ նաեւ վարչապետ Սալամ, որ կոչ ուղղեց արագացնելու Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` տրուած ըլլալով, որ արաբական աշխարհին մէջ Լիբանանի նախագահը միակ քրիստոնեայ նախագահն է:

Վարչապետ Սալամ խստիւ դատապարտեց պաղեստինցիներուն դէմ գործադրուող ջարդերը եւ ողջունեց պաղեստինցի ժողովուրդին պայքարը:

Անդրադառնալով Մուսուլի` վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ շրջանին մէջ քրիստոնեաները եկուորներ չեն, այլ` այդ շրջանին բնիկները, որոնք օրէն շրջանին մէջ եղած են եւ ունին իրենց արմատները, ինչպէս իսլամները: «Հետեւաբար ինչպէս իսլամները, նոյնպէս եւ քրիստոնեաները շրջանին տէրերն են», եզրափակեց վարչապետը:

Նիստին աւարտին Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը կը զօրակցի Կազայի եւ Մուսուլի եւ կոչ կ՛ուղղէ վերջ տալու Կազայի շրջափակումին, ազատ արձակելու պաղեստինցի բանտարկեալները` յատկապէս խորհրդարանի նախագահ Ազիզ Տուէյքն ու Մարուան Պարղութին, դատավարութեան ենթարկելու իսրայէլացի պատասխանատուները, որոնք պատերազմային ոճիրներ գործած են, ինչպէս նաեւ դատապարտելու Մուսուլի քրիստոնեաները բռնագաղթի ենթարկելու արարքը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Ուղղուեցաւ Մալի

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.