
Ուքրանական «Եունիըն» կայքը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէի կարծիքով, Ռուսիոյ դէմ խիստ պատժամիջոցներ սահմանելու հարցին մէջ Գերմանիոյ տնտեսական շահերը երկրորդական նշանակութիւն ունին:
Նախարարը յայտնած է, որ գերագոյն առաջնահերթութիւնը աշխարհի վրայ կայունութեան ապահովումն է:
Շոյպլէ ըսած է, որ վատ պաշտօնեաներ պիտի ըլլան իր այն գործընկերները` փոխվարչապետը եւ տնտեսութեան նախարարը, եթէ այս հարցին մէջ շեշտադրում ընեն այն կորուստներուն վրայ, որ կրնայ ունենալ Գերմանիոյ տնտեսութիւնը:
Ան նկատած է, որ տնտեսական զարգացման համար մեծագոյն վտանգը խաղաղութեան եւ կայունութեան վնասներ հասցնելն է:
Շոյպլէ նաեւ շեշտած է, որ Մոսկուան պէտք չէ կարծէ, որ իր վարքագիծը յաջողութիւն պիտի ունենայ: Իսկ Ռուսիոյ դէմ արդէն իսկ գործող պատժամիջոցները ցոյց տուած են իրենց ազդու ըլլալը:
Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարարը մասնաւորաբար յիշեցուցած է, որ ռուբլին կը կորսնցնէ իր արժէքը, Ռուսիոյ պիւտճէական բացը կ՛աճի, տնտեսական զարգացման հեռանկարները յուսադրող չեն, եւ ատիկա կը տեսնէ նաեւ Ռուսիոյ նախագահը:


