«Ռաշա Թուտէյ»-ի պատուէրով «Այ.Սի.Էմ.» հետազօտական գործակալութեան կատարած հարցախոյզի արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Գերմանիոյ բնակչութեան մեծ մասը եւ Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի բնակիչներուն շուրջ կէսը բացասաբար կը վերաբերին Մոլտովայի, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան:
Վրաստանը, Ուքրանիան եւ Մոլտովան 27 յունիսին ստորագրեցին Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը: Վրաստանն ու Մոլտովան արդէն վաւերացուցած են այդ փաստաթուղթերը, երեք երկիրներն ալ բարեփոխումներ կը կատարեն Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալ ցանկացող երկիրներուն Եւրոպական Միութեան ներկայացուցած պահանջներուն համապատասխանելու համար:
Երեք յառաջատար եւրոպական երկիրներուն մէջ կատարուած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ այդ երկիրներուն բնակիչները հիմնականին մէջ կը կասկածին Եւրոպական Միութեան Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ անդամակցութեան անհրաժեշտութեան: Եւրոպական Միութեան ընդլայնման առաւելաբար պատրաստ չեն գերմանացիները: Այն հարցումին, թէ արդեօք կ՛ուզե՞ն Եւրոպական Միութեան մէջ տեսնել նոր անդամներ, ինչպիսիք են Վրաստանը, Ուքրանիան եւ Մոլտովան, դրական պատասխան տուած է հարցախոյզին մասնակցողներուն միայն 1 առ հարիւրը, իսկ բացասական պատասխան` 71 առ հարիւրը:
Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման մասին հարցումին դրական պատասխանած է հարցախոյզին մասնակցողներուն 38 առ հարիւրը, իսկ ֆրանսացիներուն 47 առ հարիւրը եւ բրիտանացիներուն 45 առ հարիւրը չեն պաշտպանած նախկին խորհրդային երկիրներուն Եւրոպական Միութեան համարկման հեռանկարը:


