Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1964)

July 28, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանական Պլոքերը Հաստատ
Մնացած Ըլլալով Իրենց Դիրքին Վրայ

Մեծամասնութիւնը Որոշեց Պոյքոթի Ենթարկել
Խորհրդարանի Վաղուան Նիստը

ԱՀՇ, Որ Հինգ Անդամներ Կորսնցուց, Յայտարարեց, Թէ
Պիտի Աշխատի Գտնել Թեկնածու Մը, Որ Շարունակէ
Շեհապի Քաղաքականութիւնը

Նախագահ Քամել Ասատ Խորհրդարանը Երկրորդ Ժողովի Մը
Պիտի Կանչէ` Ընտրելու Համար Հանրապետութեան Նոր Նախագահը

Խորհրդարանական մեծամասնութեան խմբակներու եւ Ազգային համախմբումի շարժման ժողովները, որոնք տեղի ունեցան երէկ իրիկուն Մաամըլթէյնի եւ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ, երկուստեք ի յայտ բերին դիրքերու կարծրացում մը` նախագահական հարցին մէջ:

Մեծամասնութիւնը, որ չյաջողեցաւ ապահովել 75 ձայներ, որոնց պէտք ունի երեսփոխանական ժողովին մէջ երկրորդ քննութեամբ մը անցընելու համար սահմանադրական փոփոխութեան բաղձանքը, որոշեց պոյքոթի ենթարկել վաղուան նիստը, որ հրաւիրուած է քննելու այդ բաղձանքը:

Իր կարգին, Ազգային համախմբումի շարժումը, հակառակ իր անդամներէն հինգին թերացման կը պահէ իր նախկին դիրքը. Սահմանադրութիւնը պէտք չէ փոխուի, այնքան ատեն որ նախագահ Շեհապ կը մերժէ երկրորդ մանտա մը:

Մեծամասնութիւն Չգոյանալու Պարագային

Եթէ, ինչպէս սպասելի է այսուհետեւ, մեծամասնութիւն չգոյանայ վաղը խորհրդարանին մէջ, յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ժողովին հրաւիրումը` իր նախագահին կողմէ, ընտրելու համար նոր նախագահ մը: Այդ պարագային, մեծամասնութիւնը, որ յաջողած պիտի ըլլայ պահել իր միասնականութիւնը, կարողացած չըլլալով պարտադրել իր ուզած թեկնածուն` հանրապետութեան նախագահութեան համար:

Նախարարաց խորհուրդ, որ այս առտու շաբաթական իր ժողովը պիտի գումարէ Աժալթունի մէջ` նախագահութեամբ զօրավար Շեհապի, իր վիճաբանութեանց մեծ մասը պիտի յատկացնէ քաղաքական կացութեան վերջին իրադարձութիւններուն: Մասնաւորաբար պիտի քննէ այն վարքագիծը, որուն կառավարութիւնը պիտի հետեւի վաղը խորհրդարանին մէջ:

ԱՀՇ-ի Ժողովը

Ազգային համախմբման շարժումի ժողովը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, եղաւ շատ փոթորկալի: 21 ներկաներէն (Սիմոն Սեհնաուի բացակայ էր) չորսը բաժնուեցան ժողովի չլրացած: Այդ չորսն են` Ասատ Պայուտ, Սուհէյլ Շեհապ, Միխայէլ Տըպս եւ Մարուն Քանաան, որոնք յայտարարեցին, թէ նիստէն հեռացան, որովհետեւ համաձայն չէին խմբակի միւս անդամներու տեսակէտներուն: Անոնք աւելցուցին, թէ Սիմոն Սեհնաուի կը բաժնէ իրենց տեսակէտը:

Ժողովէն ետք մնացեալ 17 անդամները հրատարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսեն, թէ պիտի չքուէարկեն վերանորոգումը եւ պիտի աշխատին ընտրել նոր նախագահ մը, որ շարունակէ նախագահ Շեհապի քաղաքականութիւնը:

Այս յայտարարութիւնը ստորագրած են հետեւեալները.

Քամել Ասատ, Ժոզեֆ Սքեֆ, Ժան Ազիզ, Նեժիպ Սալհա, Ժորժ Քարամ, Եուսեֆ Հրաուի, Հիւսէյն Մանսուր, Քապալան Իսա Խուրի, Ռաֆաաթ Քազաուն, Հապիպ Քէյրուզ, Ապտէլ Լաթիֆ Զէյն, Ապտէլ Քերիմ Զէնյ, Ղալեպ Շահին, Ապտել Լաթիֆ Պայտուն, Ապտալլա Ղոթէյմի, Անուար Սապահ եւ Մամտուհ Ապտալլա:

Իր կարգին, մեծամասնութեան խմբակները եւս ժողով մը գումարեցին Մաամըլթէյնի մէջ, Մորիս Զուէյնի տան մէջ եւ ստորագրեցին յայտարարութիւն մը` յայտնելով, թէ պոյքոթի պիտի ենթարկեն հինգշաբթիի նիստը: Այս յայտարարութիւնը ստորագրողներուն մէջ կը գտնուին նաեւ չորս հայ երեսփոխանները` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան:

Ազդարարութիւն «Ապստամբներուն»

ԱՀՇ-ի ժողովէն առաջ նախագահ Ասատ եւ Ժոզեֆ Սքեֆ հանդիպում մը ունեցան եւ որոշեցին անկարգապահ անդամներուն յայտնել, թէ ներկայ չըլլան ժողովին, որպէսզի մթնոլորտը չխանգարեն: Ազդարարութիւնը մասնաւորաբար կ՛ուղղուէր Էմիր Սուհէյլ Շեհապի եւ Ասատ Պայուտի:

Էմիր Մեժիտ Արսլան եւս աշխատեցաւ համոզել երկու երեսփոխանները, բայց` ի զուր:»

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գիտութիւն Եւ Մարդ. Նոր Լեզու` Չծերանալու Համար

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.