ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը 26 յուլիսին Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին դիմաց գտնուող այգիին մէջ պիտի կազմակերպէ յուշ-երեկոյ` նուիրուած Լիզպոնի 5 մարտիկներու յիշատակին:
Ամէն տարի 27 յուլիսին դաշնակցական երիտասարդները ` «Լիզպոնի 5»-ի յիշատակը վառ պահելու եւ հասարակութեան իրազեկելու նպատակով կը կազմակերպեն յուշ-երեկոյ, տեսերիզի ցուցադրութիւն, ցուցահանդէս եւ շարք մը այլ ձեռնարկներ:


