
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հատուցումի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Խէյրը, որուն ընկերակցեցաւ Հարաւային Լիբանանի խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն սէյիտ Հաշեմ Հայտարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան զոյգ խորհուրդներուն վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներու ամսական աշխատավարձին մասին գոյացած համաձայնութիւնը մասնակի է` միայն երեք ամսուան համար, եւ անհրաժեշտ է օրինականացնել այդ հոլովոյթը:
Պըրրի յայտնեց, որ ինք պիտի հսկէ նիւթական այդ գործառնութիւններուն օրինականութեան:


