Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ «ԹՈՒՐՔԻԱ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՐՏԱՔԻՆ ՈՐԵՒԷ ՏԵՍԱԿԻ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ Է» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

July 12, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տաւութօղլու եւ Սալեհի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ: Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Տաւութօղլու յայտնեց, որ Սալեհիի հետ քննարկած է շրջանային հարցեր` աւելցնելով, որ «մեր շրջանը պատմական փոխակերպումի շատ կարեւոր հոլովոյթի մը փորձառութիւնը կ՛ապրի»:

«Մենք յոյսով ենք, որ այս շրջանի երկիրներուն իշխանութիւնները պիտի ընդունին ժողովուրդի պահանջները: Շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման համար անհրաժեշտ է ուշադրութիւն դարձնել շրջանի մեծագոյն երկրին` Իրանի դիրքորոշումին», ըսաւ ան: Տաւութօղլու նաեւ նշեց, որ շրջանի բազմաթիւ երկիրներու ժողովուրդները արդարացի պահանջներ ու իրաւունքներ ունին, եւ անոնց պահանջները բարեփոխման խաղաղ հոլովոյթի մը պէտք է վերածուին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիա եւ Իրան խոր արմատներ ունեցող յարաբերութիւններ ունին` աւելցնելով, որ կը նախատեսուի, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը այս տարի 14 միլիառ տոլարի հասնի: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը հասնի 30 միլիառ տոլարի:

Նշելով, որ Տաւութօղլուի հետ քննարկած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները, Սալեհի յայտնեց, որ Թուրքիա, Իրան եւ Սուրիա նոյն ընտանիքին անդամներն են, եւ եթէ անոնցմէ մէկուն մէջ խնդիր մը ծագի, երեք երկիրներն ալ պէտք է անոր լուծման նախաձեռնեն:

Սալեհի յայտնեց, որ ժողովուրդին պահանջները գոհացնելը կարեւոր է` աւելցնելով, որ շրջանի զարգացումները միջազգային քաղաքականութեան վրայ կ՛ազդեն:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ կիրակի օր Դամասկոսի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան եւ Հալէպի ֆրանսական հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումէն ետք, ֆրանսական իշխանութիւնները իրենց մօտ կանչած են Փարիզի մէջ Սուրիոյ դեսպանը, եւ երկու կեդրոններու սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ անպաշտպան մնալուն հարցով բողոք մը փոխանցած են:

Վալերօ յայտնեց, որ ֆրանսական դրօշներու հրկիզումն ու դիւանագիտական առաքելութեանց մօտ խափանարարական արարքներ կատարելը կը խզեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Վիեննայի ուխտը:

Լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ երէկ դարձեալ ֆրանսական դեսպանատան առջեւ ցոյց տեղի ունեցաւ: Ցուցարարներ մագլցեցան դեսպանատան պատին վրայ, սակայն դեսպանատան ապահովութեան անձնակազմը կրակ բացաւ ցուցարարներուն վրայ, որոնց շարքին վիրաւորներ արձանագրուեցան:

 

Նախորդը

ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ԶԻՆԱՄԹԵՐՔԻ ՊԱՅԹՈՒՄ

Յաջորդը

ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐՈՒ ԽՈՇՏԱՆԳՈՒՄ` ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ. ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.