
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր անլոյծ մնացած թղթածրարը, որուն շուրջ երեք շաբաթներէ ի վեր խորհրդակցութիւններ կը կատարուին, լուծուեցաւ երէկ գումարուած նախարարաց խորհուրդի նիստին, որ տեւեց վեց ժամ:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու եւ Լիբանանեան համալսարանի 14 բաժանմունքներու նախագահ նշանակելու թղթածրարը վաւերացուած է:
Կառավարութիւնը քննարկեց նաեւ պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձը օրինականացնելու կարելիութիւնը, որուն շուրջ մասնակի որոշում մը գոյացուց:
Այս շրջագիծին մէջ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց երեսփոխանական տարբեր պլոքներուն ուղղուելու խորհրդարան եւ օրինական դարձնելու պետական մարզի պաշտօնէութեան աշխատավարձերը` օրէնսդրութեան ընդմէջէն:
Նիստէն ետք, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեցին, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի շարունակուի:
Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ նիստէն ետք ուղղուեցաւ Ռիատ Սոլհի հրապարակ, ուր Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները բողոքի նստացոյց մը կը կատարէին:
Ապու Սաապ յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանի նախագահներուն նշանակումն ու պայմանագրութիւն ստորագրած դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու որոշումը Լիբանանեան համալսարանին համար յաղթանակ է եւ նուաճում:
Ապու Սաապ շեշտեց, որ այս նուաճումը կը պատկանի կառավարութեան եւ արդիւնաւորուած է շնորհիւ վարչապետ Թամմամ Սալամի համբերութեան:


