ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յայտնեց, որ շրջանին մէջ քրիստոնեայ գոյութիւնը անցողակի բան չէ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը օրինական ձեւով ապահովելու հարցը պիտի վաւերացուի` աւելցնելով, որ յաջորդող 3-4 ամիսներու աշխատավարձերը արդէն իսկ երաշխաւորուած են:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը կարիքը ունի որոշ սրբագրութիւններու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Փարթըլեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուներէն Հատի Ապու Հասան յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ չէզոք կեցուածքին, ինչպէս նաեւ նախագահական աթոռի թափուր մնալու իրականութեան վերջ տալու կարելիութեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Պասսամ Հաշեմ յայտնեց, որ Մուսուլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած բռնաճնշումները իսլամական կրօնին հետ ոչ մէկ կապ կամ առնչութիւն ունին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Պշարա Մըրհեժ յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական հեղինակութիւններու արտաքին ուժերու հետ կապուածութիւնը ուշացուց նախագահական ընտրութիւնը: Ան աւելցուց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախաձեռնած առաջադրանքը անտեղի է:
ԼՍԱՏԵՍՈՂԱԿԱՆ լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ յայտնեց, որ իսլամական կրօնին անունով Մուսուլը քրիստոնէաթափ ընելը չափազանց վտանգաւոր է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը պիտի ապահովուին օրինական միջոցներով:
«ՍԱԺԵՍ» համալսարանի նախագահ հայր Քամիլ Մուպարաք յայտնեց, որ Իրաքի մէջ պատահածը իսլամականներուն վերջաւորութեան սկիզբը կը նկատուի` աւելցնելով, որ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքը քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորումի կարիք ունին` դիմադրել կարենալու համար տիրող շրջանային իրավիճակին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ գժտուած չեն` աւելցնելով, որ իրենք կը նախընտրեն նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ իրենք Մուսթաքպալ հոսանքին կը զօրակցին եւ անոր նկատմամբ իրենց սրտերն ու մտքերը բաց կը պահեն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք բոլորը Դիմադրութիւն են եւ պիտի շարունակեն դիմադրել Իսրայէլի ու անոր ծրագիրներուն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Մուսուլի մէջ պատահածը զարմանալի է եւ ամօթալի ու կը հակադրուի իսլամական կրօնին օրէնքներուն եւ ճշմարտութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն լիբանանեան պետութեան, սահմանադրութեան եւ քրիստոնեաներուն հաշուոյն կ՛ուզէ հանրապետութեան նախագահ դառնալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի կոչ ուղղեց պետական մարզի պաշտօնեաներու ամսական աշխատավարձերուն շուրջ վերջնական եւ արմատական համաձայնութիւն մը գոյացնելու:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն մասին վերջերս գտնուած ելքը կրնայ առիթ տալ այդ թղթածրարին վերջնական լուծման:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում համախմբումի անդամ երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը օրինական է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական աղբիւրներէն, հաստատեց, որ Հըզպալլա կրցած է ձախողեցնել ՏԱՀԵՇ-ի երազները:
Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով շիիական հեղինակութիւններէ, հաստատեց, որ իսլամ-քրիստոնեայ համերաշխութենէն վնասուող միակ կողմը Իսրայէլն է:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան նախարարական աղբիւրներ ընդգծած են, որ նախագահական ընտրութեան առումով յստակ տուեալներ շօշափելի են, յատկապէս նախանցեալ օր վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ կատարուած հանդիպումին լոյսին տակ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժան Օպէյտ յայտնեց, որ Կազայի ռմբակոծումին եւ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած սպանդներուն գծով ոչ միայն ՄԱԿ-ը անկարող է, այլեւ` արաբական բոլոր վարչակարգերը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ առանց պետութեան կարելի չէ Լիբանանի կացութիւնը փրկել, այլ պէտք է զօրակցիլ Լիբանանի կառավարութեան:


