Չորեքշաբթի, 23 յուլիս 2014-ին, Համազգայինի ուսանողական հաւաքի հինգերորդ օրը բաւական երկար էր, եւ ուսանողները այցելեցին բազմաթիւ վայրեր:
Նախ եւ առաջ անոնք այցելեցին Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան, ուր մուտքին լսեցին կարճ բացատրողական մը Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին մասին, ապա շրջեցան մատենադարանին մէջ: Յետոյ, ֆորումականները այցելեցին Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, շրջեցան անոր տարբեր բաժանմունքներուն մէջ եւ ստացան տեղեկութիւններ համալսարանին մէջ ուսանելու կարելիութիւններուն մասին:
Ճաշի դադարէն ետք, խումբը այցելեց Սերգէյ Փարաջանովի տուն-թանգարանը եւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն:
Անոնք թէեւ յոգնած էին, բայց երեկոն շարունակեցին Երեւանի գիշերային ակումբներէն մէկուն մէջ, եւ հայկական շուրջպարով ճոխացուցին մթնոլորտը:


