Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Յուլիս 1964)

July 25, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիմնական Նպատակ

Հայ  դատը վերստին դարձած է մեր մամուլին գլխաւոր նիւթը: Մեկնաբանութիւններու, խորհրդածութիւններու եւ մտածումներու առանցքը: Որքան կը մօտենայ Մեծ եղեռնի յիսնամեակը, այնքան աւելի շեշտուած կերպով կ՛ընդգծուի մեր ազգային ու քաղաքական իրաւունքները միջազգային հանրային կարծիքին սեփականութիւնը դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Թէ ի՛նչ ձեւով պիտի արծարծուի, որո՞նց կողմէ եւ ո՞ւր, տակաւին յստակ առաջադրութիւններ չկան, բայց կասկածէ վեր է, որ իւրաքանչիւրի մտահոգութեան առարկան Հայ դատի լաւագոյն ձեւաւորումն է, ներկայ պարագաներու ներած չափով` առաւելագոյնը ապահովելու հեռանկարով:

Տասնամեակներէ ի վեր մեզի համար յստակ ու որոշ է Հայ դատին հիմնական նպատակը` լուծման ձեւերուն հանդէպ հասկնալի վերապահութիւններով: Ինչ որ կը պահանջէինք Բ. Աշխարհամարտի վաղորդայնին, երբ պաշտօնական յայտարարութիւններ կը լսուէին մեր կապակցութեամբ, իր ամբողջութեան մէջ մնացած է նոյնը` հակառակ վերջին քսանամեակի ընթացքին պատահած քաղաքական բազմաթիւ վերիվայումներու եւ իրադարձութեանց:

Մեր հաստատ մեկնակէտը այն իրողութիւնն է, որ այսօր, ինչպէս երէկ, Հայ դատը գոյութեան իր իրաւունքը խլած է այն միջազգային դաշնագրով, որ Սեւրի մէջ ստորագրուեցաւ 1920-ին` նոյն ատեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընին վստահելով Հայաստանի սահմաններուն ճշդումը:

Մինչեւ Սեւր, մեր Դատը տակաւին չէր գտած իր իրաւական հիմունքները: Մեր պայքարը այդ հիմունքներուն ստեղծման համար մղուած էր:

Սեւրէն ետք, հակառակ բազմաթիւ դժբախտութիւններու եւ յուսախաբութիւններու, այդ պայքարը շահուած կը նկատուի, միջազգային ճանաչումովը դատի մը, որուն անդրդուելի պահանջատէրն է հայութիւնը` ի սփիւռս աշխարհի, Հայաստանի մէջ, թէ Հայաստանէն դուրս:

Սեւրը կը հանդիսանայ բախտորոշ անկիւնադարձ մը հայոց պատմութեան նորագոյն ժամանակաշրջանին համար, եւ իբրեւ այդպիսին, իբրեւ արիւնագիր մուրհակ` իրաւունք կու տայ  բովանդակ հայութեան մեր արդար իրաւունքներու զանգահարը ըլլալու միջազգային քաղաքական աշխարհին մէջ:

Այդ դաշնագրին հիմնական գիծը հայկական հողերու ամբողջացումն է միացեալ եւ անկախ Հայաստանի մը սահմաններուն մէջ, իրաւականօրէն ճանչցուած բոլոր այն պետութեանց կողմէ, որոնք շահագրգռուած են Առաջաւոր Ասիոյ բարձրավանդակին քաղաքական դիրքորոշումով:

Յիսնամեակի առթիւ, Հայկական հարցը գլխաւորաբար պիտի արծարծուի թրքական տիրապետութեան ներքեւ գտնուող պատմական հողերու իրենց իրաւական տիրոջ վերադարձուելու գծով: Անշուշտ այդպիսով վերջնականապէս լուծուած պիտի չըլլայ Հայ դատը, բայց անպայմանօրէն շահուած պիտի ըլլայ առաջին ճակատամարտը, որուն ապահովաբար պիտի հետեւին միւսները:

Հայ դատը հրակէզ երկաթ մըն է, որ կ՛այրէ իւրաքանչիւր հայու սիրտը: Մեր քաղաքական մտածողութեան հորիզոնին վրայ, ապագայ հեռանկարներու գծով, այդ Դատին ամբողջական լուծումը հիմնական նպատակ ըլլալով հանդերձ, պէտք է ընտրել աստիճանական գործելակերպը, պէտք է բաւական ճկուն ըլլալ` հաւատարիմ մնալով հանդերձ ամբողջականութեան գաղափարին:

Դատի  արծարծման ձեւերուն շուրջ տակաւին կարելի է մտածել: Կարեւորը այն է սակայն, որ հայութիւնը, ինչպէս իր սրտին մէջ, նաեւ գործնապէս, միասնական ճակատով դուրս գայ պահանջատէրի իր դերին մէջ: Ամէն կողմէ ձայն մը` ապահովաբար պիտի վնասէ մեր Դատին եւ ուշացնէ արդար Դատին հատուցման ժամը:

Մինչդեռ յստակ ու որոշ պահանջներու շուրջ միահամուռ կեցուածք մը, անպայման որ առաւելագոյն չափով պիտի արժեւորուի:

Համաշխարհային ներկայ իրադարձութեանց մէջ Հայ դատը, պատմականօրէն ամէնէն հինը, մոռացութեան փոշիներէն դուրս բերելը առաջնահերթ պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդի ղեկավարութեան` յառաջիկայ տարուան ընթացքին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Ներշնչումներ Եւ Խորհուրդներ` Էտկար Տըկայէն

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.