Թրքական «Կարս թերթ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ հայ զբօսաշրջիկներ Կարսի բերդին վրայ Եռագոյնը պարզած ու Հայաստանի քայլերգը երգած են:
Տեղի ունեցածին արձագանգած է «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն»-ը, որուն ղեկավար Կէօքսել Կիւլպէյ յայտարարած է, որ հայերը «ազատ տեղաշարժելով» կու գան բերդին վրայ դրօշ կը ծածանեցնեն, եւ համապատասխան մարմիններուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է այդ փաստին վրայ:
Ըստ Կիւլպէյի, տեղի ունեցածը հայկական լոպիի եւ սփիւռքի նախարարութեան «գաղտնի նախագիծին մէկ մասն է»` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին:
Ան արտայայտած է հետեւեալ համոզումը. «Այսպէս կոչուած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին մէջ ընտրուած քաղաքներու մէջ հայերը պիտի փորձեն սադրիչ քայլեր կատարել` սադրելով այդ քաղաքներուն թուրք բնակիչները»:
«Տեղի կ՛ունենայ այն, որմէ մենք կը վախնայինք: Հայերուն գաղտնի նախագիծը Կարսի մէջ կիրարկուած է խումբ մը հայերու կողմէ: Հայաստանէն ժամանած խումբ մը Կարսի բերդը տեսնելու պատրուակով բարձրացած է պարիսպներուն վրայ եւ պարզած Հայաստանի դրօշն ու երգած ազգային քայլերգը: Նոյնը կրկնուած է նաեւ Վանի Աղթամար կղզիին մէջ: Ո՞վ հայերուն այդ վստահութիւնն ու հանգստութիւնը կու տայ», հարց տուած է գործիչը եւ դժգոհած կառոյցներու անվտանգութեան պատասխանատու անձերուն աշխատանքէն:


