Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհահանդէս` Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 34-րդ Թիւին. Հայագիտական Հանդէսի Ներկայացման Ընդմէջէն Լիբանանահայ Թէ Հայրենի Մտաւորականներ Ընդգծեցին Հայագիտութեան Կարեւորութիւնը

July 24, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC09529Հայրենի թէ սփիւռքահայ մտաւորականութեան արծարծած հիմնահարցերէն` հայագիտական մարզը անգամ մը եւս առանցքը կազմեց այն շահեկան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 23 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ լիբանանահայ մտաւորական ու ակադեմական դէմքերու եւ հայրենի հիւր անձնաւորութիւններու:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ վերջին քսանամեակին պատմութեան գիրքին մէջ արձանագրուող արհեստագիտական իրադարձութիւններուն, զարգացումներուն, լաւատեսութեան գրաւականներ տեսնելով տարեկան հերթականութեամբ իրագործուող տօնակատարութիւններու, յուշահանդէսներու, թէ այլ ձեռնարկներու մէջ:

Ապա ան մերթ ընդ մերթ ներկայացուց օրուան բանախօսները` դոկտ. Արթուր Դումանեանը, հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը եւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը:

Նախ եւ առաջ ան խօսքը փոխանցեց հիւրաբար Լիբանան գտնուող, «Նորավանք» գիտակրթական կեդրոնի փոխտնօրէն դոկտ. Արթուր Դումանեանը:

Դոկտ. Դումանեան «Հայագիտութեան արդի խնդիրները եւ Հայկազեան հայագիտական հանդէսը» խորագիրով պատմական հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց Հայկազեան հայագիտական հանդէսին, 1970-ին, իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս:

Դոկտ. Դումանեան «հերոսական ջանք» որակեց սփիւռքի դիմագրաւած դժուարին պայմաններուն մէջ հայագիտական հանդէս հրատարակելը: Ան թուեց սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայագիտական կեդրոններն ու հանդէսները, ինչպէս` Հայկազեան համալսարանն ու անոր հայագիտական հանդէսը, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայագիտական ամպիոնը, Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ» հանդէսը, ՀԲԸՄ-ի «Հիւսիսեան» հայագիտական հիմնարկը եւ այլն: Անդրադառնալով հայագիտութեան արդի գերխնդիրներուն` դոկտ. Դումանեան թուեց հիմնական մարտահրաւէրները, ինչպէս`

գիտամեթոտական համապատասխան լրատուութեան պակաս, նիւթական զօրակցութեան, ֆինանսաւորումի սակաւութիւն, «մարդուժի պակաս, սփիւռքի եւ հայրենի մտաւորականներու, ինչպէս նաեւ միմեանց միջեւ թոյլ կապը, թուրք-ազրպէյճանական զեղծարարական ոտնձգութիւնները (յատկապէս վերջին շրջանին): Դոկտ. Դումանեան ներկայացուց Հայկազեան հայագիտական հանդէսի նորագոյն` 34-րդ թիւի բովանդակութիւնը` շեշտելով հայագիտութեան կարեւորութիւնը եւ նշելով, որ հանդէսը հաճելի է նաեւ հայրենի գրողներու համար եւս, ինչպէս որ նշուած էր հանդէսի առաջին թիւին մէջ, 1970-ին` տեղ տալ նաեւ հայրենի մտաւորականներու գործերուն:

Հայրենի մտաւորականը իր խօսքը եզրափակեց մէջբերելով 1933-ին Պոսթընի «Հայրենիք»-ի մէջ լոյս տեսած Գարեգին Նժդեհի մէկ խօսքը, թէ` «գիրքն է, որ հայը հայ է պահում օտար աշխարհի վրայ»:

Ապա խօսք առաւ Հայկազեան հայագիտական հանդէսի երկարամեայ խմբագիր հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, որ դրուատեց հանդէսի շարունակական, որակաւոր բնոյթն ու բովանդակութիւնը: «Հայկազեան հայագիտական հանդէսը իւրայատուկ երեւոյթ մըն է սփիւռքի յետեղեռնեան իրականութեան մէջ, բացառիկ երեւոյթ մը իր երկարատեւութեամբ», ընդգծեց հայր Կռանեան:

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ իր կարգին ողջունեց Հայկազեան հայագիտական հանդէսի նորագոյն թիւը` նշելով, որ Հայկազեան համալսարանի տարեկան, մէկ անզուգական խորհուրդն է այսօր:

Այս առիթով դոկտ. Հայտոսթեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան հայագիտական հանդէսի անձնակազմին ու յատկապէս` հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին:

Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան կարկանդակի հատումին եւ այս առիթով բոլորին տրամադրուեցաւ օրինակ մը` «Հայկազեան համալսարան. Հայ տպագրութեան 500-ամեակի ձեռնարկներ 5 մայիս 2012-22 մարտ 2013» խորագիրը կրող գիրքէն:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Նշմար. Մերօրեայ Փարաւոն Մը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.