Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Մերօրեայ Փարաւոն Մը

July 24, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

22-07vahoԹրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ 9-րդ նախագահ, 90-ամեայ Սիւլէյման Տեմիրելի ծննդավայր Սփարթայի Իսլամքէօյ գիւղին մէջ անոր համար կը կառուցուի 58 հազար քառակուսի մեթր տարածքի վրայ տարածուող դամբարան մը: Օրաթերթը կը նշէ, որ դամբարանի տարածքին մէջ Տեմիրելի նախագահութեան 9 տարիներու յիշատակին 9 լիճեր պիտի կառուցուին: Թուրքիոյ նախկին նախագահը անձամբ այցելած է իր ապագայ դամբարանի կառուցման վայրը եւ հաւանութեան արժանացուցած ընթացքը կատարուող աշխատանքներուն, զորս կը կատարէ իր եղբօր գլխաւորած ընկերութիւնը: Կը նախատեսուի, որ մինչեւ տարեվերջ դամբարանը պատրաստ ըլլայ:

Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնը 7 անգամ վարած քաղաքագէտը, որ ծանօթ էր հարցի մը վերաբերեալ իր դիրքորոշումը փոխելէ ետք  «երէկը երէկ էր, իսկ այսօրը` այսօր» իր խօսքով, կը թուի նաեւ վաղուան համար մտածել եւ մեզի կը յիշեցնէ հին Եգիպտոսի փարաւոնները, որոնք իրենց կենդանութեան կը կառուցէին եւ մօտէն կը հետեւէին իրենց դամբարանի կառուցման:

Փարաւոնները իրենց դամբարանը եղող բուրգերը կը կառուցէին յաւիտենական կեանքի սիրոյն, սակայն բուրգին չափը նաեւ վկայութիւն մըն էր փարաւոնին իշխանութեան ու հարստութեան եւ հաւանաբար նաեւ իր երկրին փառքին ու ուժին մասին: Նոյնը կարելի չէ ըսել Տեմիրելի մասին: Ան թերեւս հարուստ է, սակայն որեւէ իշխանութիւն չունի:

Պապա եւ Չոպան Սուլու (Հովիւ Սիւլէյման) անունով ծանօթ Տեմիրելի նպատակը իր յիշատակի յաւերժացումը չէ, որովհետեւ Իսփարթայի մէջ արդէն իսկ իր անունով օդակայան ու համալսարան կայ, Անթալիոյ մէջ` մարզադաշտ, իսկ Էրզրումի մէջ` բժշկական կեդրոն: Աւելի՛ն, երկու գլխաւոր փողոցներ, մէկը Պոլսոյ, միւսը` Մուղլայի մէջ, կը կրեն իր անունը:

Այն իրողութիւնը, որ անոր դամբարանը գրեթէ երկու անգամով աւելի մեծ է, քան Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի Անգարայի մէջ գտնուող դամբարանը, մտածել կու տայ, որ արդեօ՞ք Տեմիրել կ՛ուզէ ըսել, որ ինք հանրապետական Թուրքիոյ համար աւելի մեծ ու ազդեցիկ քաղաքական անձնաւորութիւն մըն է, քան Աթաթուրքը: Այս հարցումին պատասխանը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, մէկ բան յստակ է` անոր այս քայլը կը վկայէ աթաթուրքականութեան եթէ ոչ անկումին, առնուազն խիստ տկարացման մասին: Ան իր պաշտօնավարութեան տարիներուն դժուար թէ այսպիսի բան մը կատարելու համարձակէր:

Ուրեմն անոր կատարածը պարզապէս սնափառութիւն մըն է, ո՛չ աւելին, ո՛չ պակաս, լաւագոյն պարագային` իր դրամը իրեն հետ տանելու հնարք մը: Այստեղ կը յառաջանայ հետեւեալ հարցումը. եթէ Տեմիրելի դամբարանը այսքան մեծ է, որքա՞ն աւելի մեծ ու պերճաշուք պիտի ըլլայ Սուլթան Էրտողանի դամբարանը:

 

 

 

 

Նախորդը

Շնորհահանդէս` Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 34-րդ Թիւին. Հայագիտական Հանդէսի Ներկայացման Ընդմէջէն Լիբանանահայ Թէ Հայրենի Մտաւորականներ Ընդգծեցին Հայագիտութեան Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Տնտեսութեան Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ Իսրայէլեան Ընկերութիւնները Պոյքոթի Ենթարկելու

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.