Երէկ` երեքշաբթի, 22 յուլիսին, Ռէալ Մատրիտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր կազմին միացուցած է քոլոմպիացի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզը:
23 տարեկան Ռոտրիկեզի փոխանցումը Մոնաքոյէն` Ռէալ Մատրիտ, արժեց 80 միլիոն եւրօ: Ան վեց տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց արքայական ակումբին հետ:
Կը կարծուի, որ ան տարեկան պիտի գանձէ 7 միլիոն եւրօ:
Անոր ակումբը այդ պայմանագրութիւնը ստորագրեց, երբ ան յաջող բժշկական քննութիւններու ենթարկուեցաւ երէկ:
Նշենք, որ անոր այս փոխանցումը աշխարհի չորրորդ ամէնէն սուղ փոխանցումն է, որ տեղի կ՛ունենայ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի, Կերըթ Պէյլի (94 միլիոն եւրօ) եւ Լուիս Սուարեսի (81 միլիոն եւրօ) փոխանցումներէն ետք:


