Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Սթիւըն Ժերար, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը, յայտնեց Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
«Դժուար որոշում մըն էր, որ տուի, սակայն իւրաքանչիւր վայրկեան, որ Անգլիոյ շապիկը կրեցի, ունեցայ անմոռանալի յիշատակներ: Այժմ ինծի համար շատ տխուր պիտի ըլլայ, որ այսուհետեւ պիտի չկրեմ անոր շապիկը», Ժերարի խօսքերը կը մէջբերէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Լիվըրփուլի միջնապահ Ժերար, որ 114 անգամ կրեց Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, առաջին անգամ իր կազմին հետ տեսնուեցաւ 2000-ին, երբ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ, Անգլիա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ուքրանիոյ:
Նշենք, որ ան 38 անգամ եղած է Անգլիոյ խմբապետ` նշանակելով 21 կոլ:
Ժերար Փիթըր Շիլթընէն (125) եւ Տէյվիտ Պեքհամէն (115) ետք երրորդ մարզիկն է, որ ամէնէն շատ կրած է Անգլիոյ շապիկը:


