Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կազան Եւ Իբրեւ Ցեղասպան Փոխադարձ Ամբաստանութիւնները

July 23, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khemp.flagsԿազայի մէջ արձանագրուած սպանդը անկասկած արժանի է միջազգային դատապարտանքի: Կոչեր, յայտարարութիւններ, պատգամներ այս պարագային որեւէ հիմնական նշանակութիւն չեն ունենար, երբ բացայայտ պատերազմ յայտարարուած է ժողովուրդին դէմ, երբ տուժողն ու սպաննուողը անզէն  բնակչութիւնն է` կիներ, երեխաներ, տարեցներ:

Այս մէկը առաջին դէպքը չէ, երբ Իսրայէլ զինուորական գործողութիւններու հունաւորումը կ՛ուղղէ դէպի բնակչութիւն: Ի վերջոյ պատերազմը եւս ունի իր օրինաչափութիւնները, երբ հասկացողութիւնը կը վերաբերի զինեալ ուժերու միջեւ արձանագրուող բախումներուն: Այդպէս չէ այս պարագային: Երեխայ զոհերն ու վիրաւորները ցնցած են աշխարհն ու հանրային կարծիքը: Այդ ցնցումը սակայն չ՛առարկայանար` վայրագութիւնները սանձելու առումով միջազգային համապատասխան կառոյցներու կողմէ սպասուող միջոցառումներով: Զինադուլը կ՛ուշանայ, սպառնալիքները կը շարունակուին, հեռակայ եւ օդային ռմբակոծումները կը վերածուին ցամաքային ներխուժումներու եւ զոհերու թիւը կը բազմապատկուի:

Կազայի սպանդը կը լուսաբանուի միջազգային լրատուամիջոցներու կողմէ` ստեղծելով տեղեկատուականին եւ զինուորաքաղաքականին միջեւ զգալի տարբերութիւն մը: Լրատուական բաց համակարգի այս օրերուն, լուրերու արտահոսք փակելը, զոհերու ազգային պատկանելիութիւնը կեղծելը դժուար իրականացուելիք գործողութիւններ են: Պատերազմական գործողութիւններու դիմելու հիմնաւորումներն են, որոնք կը հակադրուին իրարու, կ՛ողողեն տեղեկատուական դաշտը, անվերջ կը մեկնաբանեն ինքնապաշտպանուելու իրաւունքը: Արդիւնքը սակայն եւ սփռուող պատկերները միանշանակ կ՛ընդգծեն Իսրայէլի բանակին կողմէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմին յառաջացուցած հետեւանքները:

Այս բոլորին մէջ անգամ մը եւս իրադրութիւնները վերլուծելու պահուն, ազգային ոսպնեակները լարելու անհրաժեշտութեան առջեւ ենք: Նախ անշուշտ, տարածաշրջանի բռնկուածութեան նոր տարողութեան ի տես, եւ ապա նկատելու, որ նոյն տարածաշրջանին մէջ խալիֆայութիւն հաստատողները, որոնք անհանդուրժող են այլադաւանութեան նկատմամբ, նոյն կատաղութիւնը չունին իսլամ բնակչութիւն ոչնչացնող Իսրայէլի նկատմամբ: Եւ յիշել պարզապէս, որ Մուսուլի քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան հեռացումին հետ կը հեռանային նաեւ այնտեղ մնացած վերջին քանի մը հայերը:

Դիտակէտերու այս արագ անցումին ընթացքին, կեդրոնանանք Ցեղասպանութեան խաղաթուղթի հանգամանքին վրայ: Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիոյ վարչապետը Իսրայէլը կ՛ամբաստանէ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով: Առաջին անգամն ալ չէ, որ Թել Աւիւէն իրեն կը յիշեցնեն 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը: Այս խաղաթուղթը Անգարայի կողմէ կը շահարկուի վարչապետի մակարդակով, մինչ Թել Աւիւի կողմէ` նախարարի մակարդակով: Առաջին հայեացքով նախարարով յիշեցում կատարելը դիւանագիտական ոճով սպառնալ է Անգարային, որ եթէ շարունակէ նման բնութագրումներ տալ Կազայի պատահարներուն, ապա իրենք եւս կը բնութագրեն 1915-ի դէպքերը: Իրատեսական չէ ակնկալելը, որ նման պաշտօնական եւ իրաւական բնութագրումներ կատարուին. այսուհանդերձ, իբրեւ ցեղասպան այս փոխադարձ ամբաստանութիւնները կրնան որոշ ժամանակի համար շարունակուիլ, ընդհատուիլ եւ վերստին բարձրաձայնուիլ: Չմոռնանք, որ Էրտողան նախընտրական փուլի մէջ է եւ յայտարարութիւնները ինչպէս արտաքին, նաեւ ներքին սպառման համար իսլամական կարեւոր շրջանակներ կրնան ներգրաւել: Ի վերջոյ Անգարա – Թել Աւիւ պատերազմը յայտարարողական մակարդակի վրայ է, այնքան ատեն որ ի զօրու կը մնայ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած ռազմավարական դաշինքը:

Ի հարկէ այս բոլորը հայկական կողմին համար խանդավառիչ տուեալներ ունենալու պատճառ չունին: Վերընդգծելը կարեւոր է սակայն, որ շուրջ 100 տարի առաջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումն ու հետեւանքներու վերացումը անհրաժեշտութիւն է կանխարգիլելու համար այսօր Կազայի մէջ եւ այլուր արձանագրուող զանգուածային ջարդերն ու պատերազմական ոճիրները: Կրկնակիօրէն անհրաժեշտ, երբ ցեղասպանը ցեղասպանութիւն կատարած ըլլալու յանցանքով կ՛ամբաստանէ զանգուածային սպանդներու պատասխանատուները:

«Ա.»

Նախորդը

Քաշաթաղի Մէջ Ականի Պայթումէն Մարդ Մը Մահացած Է, Երեքը` Վիրաւորուած

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.