Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան բանակին օժանդակութեան յատուկ խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ Մուքպելի հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ վերջին հանգրուանին ՄԱԿ-ի ջանքերով կարելի եղած է բանակին յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել:
Փլամպլի յայտնեց, որ քննարկուած են նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ արձանագրուած ապահովական վերջին զարգացումները:


