Իր գումարած հերթական ժողովին ընթացքին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 30 յուլիսէն 4 օգոստոս Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութեան բաժակի մրցաշարքը, իսկ 7 – 9 օգոստոս` տղոց եւ աղջկանց մեծերու մրցաշարքը:
Որոշուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ Ժորժ Քուփալիի անունը առաջադրել 24-27 սեպտեմբերին Հռոմի մէջ (Իտալիա) տեղի ունենալիք Միջերկրականեան խաղերու համագումարին մասնակցելու համար:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 24-31 օգոստոսին Օմանի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ազգային խումբերու 24-րդ ախոյեանութեան:
Յստակացան անունները այն մարզիկներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 25 սեպտեմբերէն 3 հոկտեմբեր Ինշիոնի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունենալիք Ասիական 17-րդ խաղերուն:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ահմետ Արաքժի (մարզիչ), իսկ մարզիկներն են Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող Ռաշիտ Պըպպօ եւ Լարա Քեչեպաշեան:
Ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ եօթը անձեր` Ռոյ Աքիքի, Էլի Ռահպանի, Մորիս Էլիաս, Ռապիհ Ժըրժես, Սարա Ժապեր, Ղատիր Սպէյթի եւ Մայք Թարապայ յաջողած են իրենց քննութիւններուն մէջ եւ ստացած միջազգային իրաւարարի ճերմակ դասակարգի վկայագիր:
Վերջապէս, ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն Ա. կարգի մարզիչի վկայագիր ստանալ, կրնան առաւելագոյնը մինչեւ 24 յուլիս իրենց անունները արձանագրել ֆետերասիոնին մօտ:
Քննութիւնները տեղի պիտի ունենան 20-24 օգոստոսին` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:


