Նախորդ շաբաթավերջին Վանաձորի մէջ աւարտեցաւ Սէուլի ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Ստեփան Սարգսեանի անուան ազատ ոճի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 9 երկիրներու 110 ըմբիշներ:
Երկօրեայ պայքարէ մը ետք, Հայաստան չյաջողեցաւ որեւէ ոսկի մետալի տիրանալ:
65 քկ դասակարգին մէջ Նարեկ Սիրունեան հանդիսացաւ փոխախոյեան` տիրանալով արծաթ մետալի:
Armsport.am իր լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Հայաստանի համար պրոնզ մետալներ ապահովեցին Գրիգոր Գրիգորեան, Վահէ Թամրազեան եւ Մուսա Մուրթազալիեւ (86 քկ):


