Չելսիի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր կազմին համար մարզիկներու փոխանցումները աւարտեցան` նկատի ունենալով, որ իր կազմը համալրուեցաւ պէտք եղած բոլոր մարզիկներով:
Լոնտոնեան կազմը 136 միլիոն ամերիկեան տոլար ծախսելով իր կազմին միացուց պրազիլցի յետսապահ Ֆելիփէ Լուիսը, յառաջապահ Տիեկօ Քոսթան, Սեսք Ֆապրեկասը եւ Մարիօ Փասալիչը (Հայթուկ Սփլիթէն):
«Թէեւ մարզիկներու փոխանցումներուն վերջին պայմանաժամը 31 օգոստոսն է, սակայն անիկա մեզի համար աւարտեցաւ 19 յուլիսին», ըսաւ Մուրինիօ:


