Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ նախանցեալ երեկոյեան ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի:
Միւս կողմէ, Ժեմայէլ երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնն ու երկրին տարբեր մարզերուն վրայ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն ունեցած հետեւանքները:


