Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հակառակ Առկայ Տագնապին Եւ Անոր Պատճառած Վնասներուն, Սուրիահայութիւնը Ամրօրէն Կառչած Կը Մնայ Իր Արմատներուն Ու Ազգային Արժէքներուն» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

July 22, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

21-07barkevԿիրակի, 20 յուլիս 2014-ին, Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանին արժանացուց սուրիահայ գաղութի մշակութային ու ազգային կեանքին մէջ ներդրում ունեցող ազգայիններէն Հուրի Ազեզեանը (Հալէպ) եւ Յակոբ Ադամեանը (Լաթաքիա): Հանդիսութեան ներկայ էին մտաւորականներ, կրթական-մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծարեալներուն մօտիկ ազգայիններ: Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան ներկայացուց պարգեւատրեալ Հուրի Ազեզեանի մտաւորական, ազգային եւ կրթական վաստակը, իսկ Ժիրայր Դանիէլեան խօսեցաւ պարգեւատրեալ Յակոբ Ադամեանի գրական ու մշակութային ներդրումին մասին:

Վեհափառ հայրապետը, անդրադառնալով սուրիական տագնապին պատճառով սուրիահայ գաղութի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ըսաւ. «Սուրիոյ մեր գաղութը օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը տեսաւ ու գոյատեւեց: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, մեր ժողովուրդի զաւակները վերակազմակերպեցին ու ծաղկեցուցին իրենց եկեղեցական ու համայնքային կեանքը` դառնալով սուրիական ընկերութեան անբաժան մէկ մասը: Իրենց արաբ եղբայրներուն կողքին, անոնք կարեւոր ներդրում ունեցան ու կը շարունակեն ունենալ Սուրիոյ վերելքին մէջ: Այսօր, քաջատեղեակ ենք սուրիական հայրենիքին մէջ տիրող իրավիճակին: Սակայն, հակառակ առկայ տագնապին ու անոր պատճառած վնասներուն, սուրիահայութիւնը ամրօրէն կառչած կը մնայ իր արմատներուն ու ազգային արժէքներուն»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային ղեկավարութիւններուն, բարեսիրական միութեանց եւ Հայաստանի ու սփիւռքի այն բոլոր գաղութներուն, հոգեւոր, պետական ու համայնքային պատասխանատուներուն եւ ազգայիններուն, որոնք կը շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ հայութեան: Ապա, վեհափառ հայրապետը շեշտեց. «Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է. եւ սա համազգային խնդիր է, ինչպէս յաճախ յիշեցուցած ենք: Արդ, մեր սպասումն է, որ այս յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները գործնապէս մասնակից դառնան Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքին»:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը գնահատեց Հուրի Ազեզեանը եւ Յակոբ Ադամեանը, Սուրիոյ հայութեան ազգային-եկեղեցական ու մշակութային կեանքին իրենց բերած նպաստին համար եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց զիրենք: Ապա, պարգեւատրեալները յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտայայտեցին վեհափառ հայրապետին:

Նախորդը

Ս. Էջմիածինը Կը Դատապարտէ Թիֆլիսի Հայկական Եկեղեցւոյ Վրայ Կատարուած Յարձակումը

Յաջորդը

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին Մասնակիցները Դասախօսութիւններ Լսեցին Հայ Դատի Եւ Վրաստանի Հայ Համայնքին Մասին, Այցելեցին Երեւանի Պետական Համալսարան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.