Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Դէմ Յարձակումը 15-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

July 21, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

20-07GazaՄինչ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը երէկ 15-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ, իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ իր շարքերուն զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը 24 ժամուան մէջ կատարած է 5 գործողութիւններ, որոնք իսրայէլեան բանակին մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ պատճառած են: Ըստ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին, Կազայի Շուժահիյա շրջանին մէջ բախումներուն ընթացքին իսրայէլացի 15 զինուորներ սպաննուած են: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ Շուժահիյայի ճակատամարտը կը նմանցնեն 2006-ին լիբանանեան Մարուն Ռաս գիւղի ճակատամարտին:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլացի զինուորներու եւ պաղեստինցի զինեալներու միջեւ դէմ առ դէմ բախումներ տեղի կ՛ունենան, իսկ «Ռոթըրնեթ» կայքը նշեց, որ ըստ նախնական տուեալներու, իսրայէլացի զինուոր մը գերեվարուած է: Իսրայէլեան բանակէն վիրաւորներուն շարքին է «Կոլանի» մասնայատուկ ուժերու հրամանատարը:

Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ կիրակի արշալոյսին Կազայի արեւելքը գտնուող Թուֆահ թաղամասին մէջ հարիւրաւոր մեթրեր յառաջացած իսրայէլացի զինուորները ձգած են թակարդի մը մէջ եւ անոնցմէ 14-ը սպաննած: Իսրայէլ ընդունեց, որ Շուժահիյայի մէջ շաբաթ գիշեր տեղի ունեցած ճակատամարտին ընթացքին ինկած իր զոհերուն թիւը 13 է:

Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը «Ուալահ» կայքին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը ծրագրէ Կազայի դէմ ցամաքային յարձակումը ընդլայնել եւ պաղեստինեան շարժումներուն ուժեղ հարուած մը հասցնել:

Հետագային Շուժահիյա թաղամասին մէջ Միջազգային կարմիր խաչի առաջարկով ժամը 13:30-էն սկսեալ երեք ժամ տեւողութեամբ գործադրուեցաւ Միջազգային կարմիր խաչի մարդասիրական զինադադար մը, որ հետագային Իսրայէլ միակողմանի կերպով մինչեւ 16:30 երկարաձգեց:

Աւելի ուշ, Շուժահիյայի մէջ հսկայ հրդեհ մը յառաջացաւ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Կազայի ռմբակոծման ընթացքին մէկէն երկու թոն ուժգնութեամբ ռումբեր կ՛օգտագործէ:

Համաս շարժումի բանբեր Սամի Ապու Զահրի յայտնեց, որ Կազայի իրադարձութիւններուն նկատմամբ արաբական կեցուածքները տակաւին անհրաժեշտ մակարդակը չունին` աւելցնելով. «Կազան արաբներուն օգնութեան կարիքը ունի»:

Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա Շուժահիյայի մէջ իսրայէլեան բանակի գործածը «կատարեալ պատերազմական ոճիր» նկատեց եւ միջազգային հետաքննութիւն պահանջեց:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց. «Համաս «յամառօրէն զինադադարը կը մերժէ»` աւելցնելով. «Կարեւոր է, որ Համաս ընդունի, որ զինադադարը կեանքեր պիտի փրկէ»: Ան կոչ ուղղեց գոյացնելու զինադադարի հաստատման «արդար» համաձայնութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ եգիպտական նախաձեռնութեան վրայ:

Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան յատձակումին պատճառած զոհերուն թիւը բարձրացած է 365-ի, իսկ վիրաւորներունը` 3000-ի:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Մալեզիական Օդանաւը Վար Առած Են Ռուսերը»

Յաջորդը

«Շուտով Մեր Ժողովուրդը Պիտի Օգտուի Բոլոր Այն Բարիքներէն, Որ Իր Քաղաքացիներուն Կու Տայ Եւրոպան» Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.