Կազմակերպութեամբ Պրումմանա ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 23 յուլիս – 10 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ ակումբին տարեկան թենիսի մրցաշարքը, որ կը կրէ Արզի 2014-ի բաժակ անունը:
Տարբեր տեսակի դասակարգեր ունեցող այս մրցաշարքին մասնակցութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 21 յուլիսը` նկատի ունենալով, որ նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, տեղի պիտի ունենայ անոր վիճակաձգութիւնը:
Արձանագրութեան համար կարելի է հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 71-641743 եւ 04-960430-1-2:


