1994-ի մոնտիալին Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած բերդապահ Կիլմար Ռինալտի Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի թեքնիք տնօրէն:
Ինչ կը վերաբերի պաշտօնանկ եղած մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարիին յաջորդը նշանակելուն գծով տարուող աշխատանքներուն, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ երեքշաբթի օր ֆետերասիոնը պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ անունը այն անձին, որ խումբը պիտի պատրաստէ յառաջիկայ տարի Չիլիի մէջ տեղի ունենալիք «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին:


