Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1964)

July 19, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Պատմական Օր Մը

Չորս տարի առաջ էր:

Հայրենասիրութեան, վեհութեան եւ անշահախնդրութեան սքանչելի եւ պատկառազդու դաս մը եղան նախագահ Շեհապի հրաժարման եւ այդ հրաժարականը, ժողովուրդին միահամուռ թախանձանքին ընդառաջելով, ետ առնելու զոյգ քայլերը, որոնց միջեւ երկարող վեց ժամերը անդոհալի վրդովումի մը մատնած էին ամբողջ երկիրը, անոր բոլոր հատուածները եւ բոլոր հոսանքները անխտիր:

Լիբանան փրկուած էր: Աստուած անգամ մը եւս եղած էր այս փոքր եւ ազնուական երկրին հետ: Լիբանանցիներու սիրտը ճմլող մտավախութիւնները փարատած էին, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաքացի ապահովուած, թէ երկրի եւ անոր ժողովուրդին վրայ հայրական հոգածութեամբ պահակ մը արթուն կը հսկէ Սարպայի պալատին մէջ, պատրաստ` նոր զոհողութիւններու, միշտ պատնէշին վրայ, ինչպէս եղած էր զինուորական իր ծառայութեան փայլուն ասպարէզի օրերուն, որպէսզի ապրի ու բարգաւաճի այս գեղեցիկ երկիրը, ազատութեան, բարութեան եւ գեղեցկութեան այս օճախը:

Ըմբռնելու համար ժողովրդական այս խոր զգացումին պատճառները, հարկ է աչքի առջեւ ունենալ այն մեծ գործը, որ նախագահը կատարեց իր պաշտօնավարութեան տարիներու ընթացքին: Հարկ է պատկերացնել այն բացառիկ պայմանները, որոնց մէջ, եւ յատկապէս` անոնց բերումով, նախագահ Շեհապ հեռացաւ իր այնքան սիրած զինուորական ասպարէզէն` «պատրա՛ստ» պատասխանելու համար հայրենիքի կոչին:

Այսօր, երբ լիբանանցի ժողովուրդը կը պատրաստուի մեծ շուքով տօնելու տարեդարձը այդ պատմական թուականին, նկատի ունի առաւելաբար այն սքանչելի գործը, որ նախագահ Շեհապ կատարեց իր պաշտօնավարութեան վեց տարիներու ընթացքին, ընկերային արդարութեան միջհամայնքային համերաշխութեան, բարեկարգութեան եւ բարգաւաճման մարզերուն մէջ, միշտ ի մտի ունենալով Լիբանանի գերագոյն շահերը:

Դարձեալ, եթէ այսօր լիբանանցի ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կեցած է իր նախագահը կողքին` խնդրելով, որ ան շարունակէ իր պաշտօնը` յանուն հայրենիքի վերելքին ու բարգաւաճման, նկատի ունի այն մեծ ու անփոխարինելի գործը, որ նախագահ Շեհապ կատարեց իր պաշտօնավարութեան վեց տարիներու ընթացքին:

 

Ջուրի Տագնապ Ալէյի Մէջ

Հազիւ ամառը սկսած, Ալէյ` Լիբանանի գիւղագնացութեան մայրաքաղաքը, սկսաւ տառապիլ ջուրի տագնապէն: Յուլիսի առաջին օրերէն սկսեալ Ալէյի գրեթէ բոլոր թաղերը օրերով կը մնան առանց ջուրի: Երբեմն 2 – 3 օր տեւաբար ջուրի խողովակները կը մնան չոր` կաթիլ մը ջուրի կարօտ ձգելով գիւղագնացներն ու բնիկները, որոնք հեռաւոր շրջաններէ եւ յաճախ Պէյրութէն ջուր կը փոխադրեն հոգալու համար իրենց ստիպողական կարիքները:

Դժբախտաբար այս անհանդուրժելի վիճակը կը շարունակուի տարիներէ ի վեր. տագնապը գագաթնակէտին հասաւ անցած գիւղագնացութեան շրջանին եւ նոյն սաստկութեամբ կը շարունակուի նաեւ այս տարի:

Հակառակ մամուլի մէջ տեղ գտած բուռն բողոքներուն եւ դիտողութեանց, քար անտարբերութիւն կը տիրէ պատասխանատուներուն մօտ, որոնք չեն անդրադառնար Լիբանանի ամառնային մայրաքաղաքին հասնող ծանր հարուածին: Տարուէ տարի կը նօսրանան նախկին գիւղագնացները եւ նորեր կու գան: Քանի մը տարի վերջ, եթէ շարունակուի այս ընթացքը, այլեւս կարելի պիտի չըլլայ նորեր գտնել:

Շատ անմխիթարական է Ալէյի պարագան: Լոյսի եւ օդի չափ կարեւոր է նաեւ ջուրը: Երբ օրերով ցամքած մնան խողովակները, եւ տանտիկինները ասկէ անկէ ջուր մուրան մաքրութեան, լուացքի, նոյնիսկ իրենց զաւակներուն ծարաւը յագեցնելու: Ինչպէ՞ս կրնաք սպասել, որ մարդիկ գիւղագնացութեան երթան Ալէյ, խանգարեն իրենց հանգիստը:

Այս տագնապին ծալքերը թէեւ յայտնի չեն մեզի, սակայն շատ են ըսի ըսաւները: Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը տարի առաջ հսկայ գումարներ յատկացուեցան Պարուքի ջուրը փոխադրելու համար Ալէյ: Ծրագիրը յաջողութեամբ գործադրուեցաւ եւ առատօրէն հոսեցաւ ջուրը:

Շատ չտեւեց սակայն, ստեղծուեցաւ նախկինէն աւելի վատթար կացութիւն մը, գիւղագնացները օրերով ջուրի երես չտեսան, դիմումներն ու բողոքները մնացին ապարդիւն, հազուագիւտ մասնաւորները միայն օգտուեցան:

Ալէյի քաղաքապետութիւնը չ՛անդրադառնա՞ր արդեօք այս անհոգութեան եւ անտարբերութեան աղէտալի հետեւանքներուն մասին: Եթէ շարունակուի այս վիճակը, ոչ ոք պիտի մտածէ Ալէյ օդափոխութեան երթալու մասին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կը Սիրե՞ս Ֆութպոլ Խաղալ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.