Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1964)

July 18, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Միշտ Նոյն Թուրքը

Կիպրոսի տագնապին առթիւ, գայլը գառնուկի մորթ հագած, հաւար կը փրցնէ: Անգարա կը խօսի ցեղասպանութեան մասին, որ իբր թէ ծրագրուած կերպով կը կիրարկուի կիպրական կառավարութեան կողմէ` բնաջնջելու համար կղզիին թուրք փոքրամասնութիւնը:

Մօտ երկու ամիս առաջ, ֆրանսացի անկողմնակալ թղթակից մը, որ Կիպրոս այցելած էր, անդրադառնալով Թուրքիոյ բարձրացուցած աղմուկին, ծանրօրէն դիտել կու տար, թէ Անգարա երբեք իրաւունք չունի խօսելու փոքրամասնութիւններու իրաւունքին մասին, երբ մէկ միլիոն հայերու ջարդը կը ծանրանայ իր խղճին վրայ:

Թուրքերը իրենց խղճին վրայ ծանրացող այդ ոճիրը մեղմելու համար ոչ միայն զղջում չունեցան, այլ նոյնիսկ փորձեցին ամբողջ յանցանքը նետել հայ ժողովուրդին վրայ` ջարդարարի մորթը անոր հագցնելով: Միջազգային հանրային կարծիքին հանդէպ այս արհամարհանքը մենք ամէն օր կը հաստատենք թուրք մամուլին եւ պատասխանատու դէմքերու արտայայտութեանց մէջ:

Ահաւասիկ վերջին օրինակը:

Թուրք լրագրող մը` Ռեֆիք Հալիա Գարայ, որ իթթիհատականներու եւ յարակից շրջաններու մասին յօդուածաշարք մը սկսած է «Ենի Թանինի» մէջ, անդրադառնալով առաջին աշխարհամարտի դէպքերուն, կ՛ընէ հետեւեալ խորհրդածութիւնները:

«Մահմուտ Շեւքեթ» փաշայի սպանութիւնը ողբերգութիւն մըն է, ինչպէս ողբերգութիւն մըն էր նաեւ պատերազմէն ետք երկու թուրք ազգակիցներու մահուամբ պատժուիլը` իբրեւ հեղինակ տարագրութեան դէպքերուն: Զանոնք կախեցին յաղթական պետութիւններու զայրոյթը մեղմելու եւ իբր թէ շահ մը ապահովելու համար հաշտութեան բանակցութեանց մէջ: Պէտք չէր որ կախուէին»:

Ահաւասիկ այս աստիճան անուղղայ է թուրքը: Ոճիրէն յիսուն տարի ետք տակաւին կը յամառի ոճրագործները անպատիժ տեսնելու իր ցանկութեան մէջ: Այս ցանկութիւնը կու գայ ցեղին գլխաւոր «արժանիքէն», որ բնական ցոյց կու տայ ոճիրը, երբ գործողը թուրքն է: Միթէ դահճապետը Թալէաթ, որ Պերլինի փողոցներուն մէջ ինկաւ հայ վրիժառու բազուկով, ազգային հերոս չի՞ նկատուիր, թէ՛ թուրք պետութեան եւ թէ՛ ժողովուրդին կողմէ, հաւասարապէս:

Երբ ժողովուրդ մը ազգային հերոս կը նկատէ պատմութեան ճանչցած մեծագոյն ոճրագործներէն մէկը, երբ կ՛ուզէ, որ անպատիժ մնան տարագրութեան հեղինակները, այդ ժողովուրդը անդարմանելիօրէն հիւանդ է հոգիով, ու երբ հոգին հիւանդ է ժողովուրդի մը, բուժում չկայ, որքան ալ արդիականացման ճիգեր թափուին:

Ի՜նչ հակապատկեր, երբ Կիպրոսի մէջ չափազանցեալ իրաւունքներու արդար սահմանափակումին համար պայքարող Մակարիոսի կառավարութիւնը ցեղասպանութեան ոճիրով կ՛ամբաստանուի, ասդին, Պոլսոյ մէջ, նուիրականացած ոճիրի մը հեղինակներուն կախաղանով պատժուիլը տակաւին չի մարսուիր:

Երբ այս է մտայնութիւնը, կասկած չկայ, թէ Թուրքիան բարոյականօրէն մնայ մեկուսացած ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ, ուր չկայ երկիր մը, որ պաշտպան կանգնի Թուրքիոյ պահանջներուն: Ու եթէ երբեմն արեւմտեան աշխարհի մէջ ձայներ կը լսուին եւ աշխատանքներ կը թափուին կիպրական հարցին մէջ կողմերը գոհացնելու համար,  ատիկա կ՛ըլլայ պարզ քաղաքական եւ ռազմավարական նկատառումներով, որոնցմէ միշտ օգտուած է «Հիւանդ մարդը»:

Հայկական ջարդերը իր խղճին վրայ ունեցող Թուրքիան ուշ կամ կանուխ պիտի հանուի պատմութեան դատաստանին առջեւ: Ու որքան ուշանայ զղջումը, այնքան ծանր պիտի ըլլայ պատմութեան արդար վճիռը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Կաւիճով Գծուած Գլուխ Գործոցներ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.