
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպան Լազլօ Ֆարատի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ նախանցեալ երեկոյեան իֆթարի մը առիթով յայտնեց, որ հակառակ անոր որ կրօնական ծայրայեղութիւնը ահաբեկչութեան ծնունդ կու տայ, սակայն Լիբանանի մէջ ահաբեկչութիւնը քաջալերող միջավայր չկայ:
Վարչապետ Սալամ աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցները յաջողած են կասեցնել եւ զսպել ահաբեկչական արարքները:
Վարչապետը ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովութեան ուժերուն տեսակարար գործողութիւնները կարիքը ունին քաղաքական համախոհութեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ տակաւին կան թղթածրարներ, որոնք խնդրայարոյց են եւ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան ազգային ընդհանուր մթնոլորտին վրայ:
Սալամ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ճիգ չխնայելու` երկրին առկախ մնացած հարցերը լուծելու առումով` աւելցնելով, որ նման հարցերուն գոյութիւնը կը սպառնայ երկրին ապահովութեան եւ կրնայ վտանգաւոր դառնալ:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ իրեն համար անընդունելի է ժողովուրդին շահերը հարուածել` պետութեան աշխատանքի հոլովոյթին դիմագրաւած խոչընդոտներուն պատճառով:
Վարչապետ Սալամ իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով լիբանանեան քաղաքական ուժերուն անմիջապէս ուղղուելու խորհրդարան եւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը:


