Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրան Սարգսեան Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Պարաք Օպամային

July 16, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Օպամա եւ Սարգսեան
Օպամա եւ Սարգսեան

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Տիգրան Սարգսեան նախանցեալ օր իր հաւատարմագիրները յանձնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը փոխանցեց, որ պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Սարգսեան նշեց, որ հայ – ամերիկեան յարաբերութիւնները կ՛առանձնանան բարձր մակարդակով եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ: Դեսպանը աւելցուց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է յարաբերութիւններու զարգացման մեծ ներուժ, եւ իր առաքելութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման եւ գործակցութեան շրջանակի ընդլայնման:

Ողջունելով եւ շնորհաւորելով Սարգսեանը դիւանագիտական առաքելութեան սկսելուն առիթով` Օպամա վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպանը իր հարուստ փորձառութիւնն ու գիտելիքները լաւագոյնս պիտի ծառայեցնէ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման գործին:

Նախագահ Պարաք Օպամա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կարեւոր կը նկատեն Հայաստանի հետ փոխադարձ յարգանքի եւ շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները, գործընկերութիւնը միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ համագործակցութիւնը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատեն Հայաստանի յանձնառութիւնը` հասնելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման եւ ամրապնդելու Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը:

Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ ամերիկահայ համայնքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

Նախորդը

Մինասեան. «Բրիտանիան Պէտք Է Մասնակից Դարձնել Թրքական Մերժողականութեան Դէմ Պայքարին»

Յաջորդը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Մտադիր Է Փերինչեքի Գործին Մէջ Ներգրաւուելու Իբրեւ Երրորդ Կողմ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.