Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Ձախողեցաւ. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Կազան Ռմբակոծել

July 16, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1507GazaՊաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` Քասսամի փաղանգներ զինեալ խմբաւորումը երէկ կտրուկ կերպով մերժեց զինադադարի հաստատման համար եգիպտական նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով «անձնատուութիւն եւ ընկրկում» մը: Խմբաւորումը նաեւ նշեց, որ Իսրայէլի դէմ իր ճակատումը պիտի շարունակուի եւ աւելի բուռն պիտի դառնայ: Համաս շարժումը իր կարգին յայտարարեց, որ կռիւը դադրեցնելը բացառուած է, այնքան ատեն որ դիմադրութեան պայմանները չեն ապահովուած` աւելցնելով. «Մեզ նախաձեռնութեան շուրջ խորհրդակցութիւններուն մասնակից չդարձուցին, ուստի մենք մեզ անոր  նկատմամբ յանձնառութենէն ազատ կը նկատենք»: Սակայն շարժումի բանբեր Մուսա Ապու Մարզուք աւելի ուշ «Մայատին»-ին յայտնեց. «Մինչեւ հիմա նախաձեռնութեան նկատմամբ Համասի կողմէ պաշտօնական կեցուածք մը գոյութիւն չունի»` աւելցնելով. «Կազայի մէջ գործող ուժերուն եւ ժողովուրդին մօտ տրամադրութիւնը «հանդարտեցում փոխան հանդարտեցման» տարազի մերժումն է»:

Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ապու Ահմետ Ֆուատ իր կարգին յայտարարեց. «Կը մերժենք եգիպտական նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ պաղեստինցիներն ու բռնագրաւումը նոյն նժարին վրայ կը դնէ»: Նախաձեռնութիւնը մերժուեցաւ նաեւ Իսլամական Ժիհատի խմբաւորման կողմէ:

Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը յայտարարեց, որ համաձայն է առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ կացութիւնը հանդարտեցնելու եգիպտական նախաձեռնութեան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին զգուշացուց. «Իսրայէլ Կազայի դէմ գործողութիւնները պիտի աշխուժացնէ, եթէ Համաս շարժումը մերժէ եգիպտական նախաձեռնութիւնը»` աւելցնելով. «Նախաձեռնութիւնը Կազան զինաթափելու առիթ մըն է»:

Համասի կողմէ մերժողական պատասխան ստանալէ ետք, Իսրայէլ երէկ շարունակեց Կազայի դէմ յարձակումները, իսկ պաղեստինեան դիմադրութիւնը հակադարձեց հրթիռակոծելով իսրայէլեան տարբեր բնակեցման վայրեր:

Եգիպտական նախաձեռնութեան ձախողութենէն ետք, ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանին, Թուրքիոյ եւ Քաթարի ղեկավարութեամբ զինադադարի հաստատման նոր նախաձեռնութիւն մը ընթացք առած է:

 

Նախորդը

Քերրի. «Իրանի Հետ Երկարաժամկէտ Համաձայնութեան Մը Հարցով Պիտի Խորհրդակցիմ Օպամայի Հետ»

Յաջորդը

Մոսկուայի Մեթրոյին Մէջ Արկած Մը 20 Զոհ Պատճառեց

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.