Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մոսկուան մեղադրած է Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ զինեալներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը շարունակելու համար: Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած են. «Ռուսիան կը շարունակէ անջատողականներուն մատակարարել ծանր սպառազինութիւն», ինչպէս նաեւ «զօրքերը կը հաւաքէ Ուքրանիոյ հետ սահմանին մօտ»:
«Մինչ Ռուսիան կը յայտարարէ, որ կը ձգտի բռնութեան դադրեցման, անոր գործողութիւնները չեն համապատասխաներ հռետորաբանութեան: Մենք ապացոյցներ չունինք, որ Ռուսիոյ աջակցութիւնը անջատողականներուն դադրած է», ըսուած է արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ուաշինկթընի մէջ համոզուած են, որ Մոսկուա «կը շարունակէ անոնց մատակարարել ծանր սպառազինութիւն, այլ ռազմական սարքեր ու ֆինանսաւորում, եւ կը շարունակէ արտօնել զինեալներուն ազատ կերպով կտրել սահմանը»:
«Մեր մօտ եղած տեղեկութիւններով` Մոսկուան վերջերս անջատողականներուն փոխանցած է Խորհրդային Միութեան ժամանակներու քանի մը հրասայլ եւ հրետանի: Նախորդ հանգստեան օրերուն քանի մը զրահապատ մեքենայ կտրած է սահմանը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան առաւել կը մտահոգէ այն փաստը, որ Մոսկուա կը շարունակէ զգալի թիւով զինեալ ուժեր կեդրոնացնել Ռուսիոյ հարաւ-արեւմուտքը:


