Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

July 11, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով

Ուաշինկթընի մէջ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Թուրան» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ այսօր Ուաշինկթըն կ՛այցելէ, յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին տարբեր մակարդակներու վրայ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ իր երկրին առաջարկները:

Ուաշինկթընեան աղբիւր մը նշած է, որ «մենք կ՛ողջունենք այս հարցին մէջ Ռուսիոյ հետեւողականութիւնը, սակայն վերջին առաջարկներուն մանրամասնութիւնները մեզի ծանօթ չեն: Մենք զանոնք պիտի քննարկենք Լաւրովի նախատեսուած այցելութեան ընթացքին»:

«Ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, Միացեալ Նահանգներ կը միանան շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու Ռուսիոյ ջանքերուն», ընդգծեց ամերիկեան աղբիւր մը:

Նշենք, որ Լաւրով 8 յուլիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն յանձնած էր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ առաջարկները, որոնք քննարկուած են վերջերս երեք երկիրներու նախագահներուն ձեւաչափով եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ:

ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով շաբաթ օր լրագրողներուն յայտնած է, որ Պաքու կ՛ուսումնասիրէ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի առաջարկները, զորս ուրբաթ օր ներկայացուցած է Լաւրով, եւ մանրակրկիտ քննարկումէ ետք պատասխան պիտի տայ:

Ըստ անոր, համանախագահ երկիրները կը հասկնան, որ շրջանին մէջ ստեղծուած սթաթիւս քոն պահպանելը անընդունելի է: «Ներկայիս տագնապի կողմերը կ՛աշխատին փաստաթուղթի մը վրայ, որուն հիմքը Մատրիտեան նորացուած սկզբունքներն են, եւ Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ այդ աշխատանքը պէտք է շարունակուի առանց զգացականութեան: Նախ եւ առաջ Հայաստան պէտք է զօրքերը հեռացնէ բռնագրաւուած շրջաններէն, ինչ որ պիտի յանգեցնէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման, իսկ ատիկա ձեռնտու է նոյնինքն Հայաստանին», ըսած է Մամետեարով:

Մամետեարով լրագրողներուն նաեւ յայտնած է, որ 17-18 յուլիսին Լաւրովի հրաւէրով Ռուսիա պիտի այցելէ:

 

Նախորդը

ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ԻՐ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ. «ԱՆԳԱՐԱ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐՈՒ ԲՌՆԱԳՐԱՒՄԱՆ ՎԵՐՋ ԴՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Յաջորդը

ՀԱՅ ՍՊԱՆԵՐՈՒՆ ՅՂԱԾ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ. «ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՁԵԶԻ, ՀՊԱՐՏ ԵՄ ՁԵԶՄՈՎ» ՆՇԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.