Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց, որ Կազայի դէմ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքները Համասի հետ ոչ մէկ կապ ունին, այլ` ուղղակիօրէն թիրախ կը դարձնեն պաղեստինցիները, որ շուրջ դարէ մը ի վեր կ՛ենթարկուին անտեսումի, վարկաբեկումի, գողութեան եւ բռնագաղթի:
Ժոմպլաթ յայտնեց սակայն, որ հակառակ իսրայէլեան ատելութեան, պաղեստինցի ժողովուրդը կը շարունակէ իր արդար պայքարը` ի խնդիր իր ազգային եւ պատմական իրաւունքներուն պաշտպանութեան:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց արաբ ժողովուրդին եւ արաբական աշխարհին զօրակցելու պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցի ժողովուրդին, որ ամբողջ աշխարհին աչքերուն դիմաց սպանդի կ՛ենթարկուի:
Ան շեշտեց նաեւ Կազայի շրջափակումը վերացնելու եւ Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ որ այդ բանակցութիւնները ապարդիւն դուրս եկած են:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Իսրայէլի պատերազմները պետական ահաբեկչութենէ բացի ոչինչ կրցան իրագործել` աւելցնելով, որ Իսրայէլի դէմ պայքարելու միակ միջոցը կը մնայ պաղեստինեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումը:


