Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 15, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1407azk1Երէկ` երկուշաբթի, 14 յուլիս 2014-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւն Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանի, Երեւանի պետական համալսարանի ներկայացուցիչ դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, Քաղաքական ժողովի եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն եւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն:

Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ սոյն համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կարելիութիւն պիտի ստեղծէ, որ Ազգային վարժարաններու աշակերտները հայկական սփիւռքի մէջ տեղ ունենան Երեւանի պետական համալսարանի յատկապէս հայագիտական մասնագիտութիւններուն գծով եւ Ազգային վարժարաններու ուսուցիչները կարենան իրենց գիտելիքները թարմացնել եւ վերապատրաստուիլ, որպէսզի այս յարատեւ աշխատանքով Ազգային վարժարանները նոր մակարդակի եւ բարձունքներու հասնին:

1407azkԱզգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին անունով Սեդա Մանկասարեան հաստատեց, որ սոյն համագործակցութեամբ Ազգային վարժարանները առիթը պիտի ունենան իրագործելու ուսուցիչներուն հայագիտական մասնագիտական վերաորակաւորումը եւ աշակերտներուն ներգրաւումը Երեւանի պետական համալսարանի ծրագիրներուն մէջ:

Սրբազան հայրը խօսք առնելով յոյս յայտնեց, որ համաձայնագիրին ստորագրութեամբ հայրենիք – սփիւռք յարաբերութիւնները մեր Ազգային վարժարաններու գծով նոր թափ եւ նոր ուժականութիւն ստանան: Ան հաստատեց, որ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մեծապէս կարիքը ունինք հայրենիքի ներդրումին, յատկապէս հայագիտական մարզին մէջ հայրենիքի նորարարութիւններուն, մասնագիտական մօտեցումներուն, որոնց միջոցով կը յուսանք առաւել եւս ամրացնել մեր ինքնութիւնը:

Սրբազան հայրը մաղթեց, որ մեր կրթական մշակները եւ Ազգային վարժարաններու աշակերտները իրենց դիմաց բացուող նոր կարելութիւններու ճամբով իսկապէս յաջողին հարստացնել իրենց մտքի պաշարը, իրենց հոգին եւ իրենց հոգեւոր հայրենիքը, որուն կառչած կը մնանք իբրեւ հայեր:

Աւարտին տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, որմէ ետք դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան բացատրութիւններ տուաւ ծրագիրին մասին:

 

 

 

Նախորդը

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Բանակում

Յաջորդը

Արժանթինի Մէջ Զանգուածային Անկարգութիւններ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.