«Մայատին» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը կը փորձէ տիրել քրտական Այն Արապ կամ Քոպանի շրջանին, ուր անոր եւ Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան: ՏԱՀԵՇ բախումներուն ընթացքին սկսած է իրաքեան բանակի պահեստանոցներէն իր գրաւած զէնքերն ու հրասայլերը օգտագործել, եւ քիւրտերը այն մտավախութիւնն ունին, որ իսլամական արմատական շարժումը կրնայ գրաւել իրենց շրջանները:
Հակառակ բուռն դիմադրութեան ՏԱՀԵՇ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ: Քիւրտերը սկսած են բնակչութիւնը հեռացնել Այն Արապի հարաւային գիւղերը` նախքան ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ շրջանին գրաւուիլը:
ՏԱՀԵՇ նպատակ ունի Սուրիոյ մէջ Եփրատի երկու ափերուն` Թուրքիոյ սահմանէն մինչեւ Իրաք տիրելու, որովհետեւ այդ շրջանին մէջ ուժանիւթի կեդրոններ եւ արգասաբեր դաշտեր գոյութիւն ունին եւ խմբաւորումը կ՛ուզէ զայն Եփրատի իրաքեան հունի տարածքին կցել:
Արեւմտեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի նախագահ Իլհամ Ահմետ կը յայտնէ, որ ՏԱՀԵՇ կ՛ուզէ այդ շրջանը Իսլամական պետութեան կցել, որմէ ետք ալ յառաջանալ դէպի Ճեզիրէ, որ գլխաւոր նպատակն է:
ՔԱԿ-ի մարտական ղեկավար Մուրատ Քարայըլան ընդհանուր զօրակոչ յայտարարած է եւ քիւրտերէն պահանջած Այն Արապ ուղղուիլ` զայն պաշտպանելու համար:
Ահմետ կը նշէ, որ Թուրքիայէն տասնեակներով քիւրտեր հասած են շրջան, սակայն Մասուտ Պարզանիի հրամանատարութեան ենթակայ Փեշմերկաները Այն Արապը փրկելու համար զինեալներ չեն ուղարկած: Ան կը յայտնէ, որ իրենք այս ներկայ դժուար կացութեան մէջ իրենց սպասած աջակցութիւնը չեն ստացած` աւելցնելով. «Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը կը կռուին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, որ այլ քիւրտերու դէմ չի կռուիր, իսկ Փեշմերկաներու դէմ չի յարձակիր, ինչպէս նաեւ քրտական դիմադրութիւնը ընկճելու համար Իրաքի մէջ իր գրաւած զէնքերն ու հրասայլերը Ռաքքա կը բերէ»:


