Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԱՄԱՍԿՈՍ – ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

July 11, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ կը գլխաւորէ Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ սուրիական դեսպանատան անձնակազմի անդամներուն կողմէ` Սուրիոյ մէջ ցուցարարներու նկատմամբ կիրարկուած բռնարարքներուն դէմ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մը նկարահանումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր իր մօտ կանչած է  Ուաշինկթընի մէջ Սուրիոյ դեսպան Իմատ Մուսթաֆան եւ անոր փոխանցած այդ քայլին նկատմամբ իր «մտահոգութիւնը»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ իր մօտ կանչած է Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները, եւ առանց նախարարութեան հաւանութեան անոնց Համա այցելութեան առնչութեամբ ներկայացուցած է իր բողոքը: Նախարարութիւնը կը նշէ, որ խնդրոյ առարկայ դեսպանները իրենց այդ քայլով խախտած են դիւանագիտական յարաբերութեանց շուրջ Վիեննայի ուխտին 41-րդ յօդուածը, որ կ՛արգիլէ իրենց առաքելութեան վայրը եղող երկրին ներքին հարցերուն միջամտել:

Նախարարութիւնը կը նշէ, որ «ամերիկացի եւ ֆրանսացի դեսպաններուն Համա այցելութիւնը Սուրիոյ ներքին հարցերուն յստակ միջամտութիւն մըն է» եւ կը հաստատէ Սուրիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը թիրախ դարձնող արտաքին միջամտութեան մը գոյութիւնը:

Մինչ այդ, երէկ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհի նախագահութեամբ ընթացք առաւ Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը:

Շարեհ յոյս յայտնեց, որ ընթացք առած երկխօսութեան ճամբով Սուրիան յայտարարուի իբրեւ բազմակուսակցական, ժողովրդավարական եւ իր բոլոր քաղաքացիներուն պատկանող պետութիւն մը: Ան նշեց, որ այս երկխօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ, մինչ երկիրն ու շրջանը վտանգաւոր ժամանակներ կը դիմագրաւեն: Շարեհ արտաքին լրատուամիջոցները ամբաստանեց ճշմարտութենէն հեռու ըլլալու յանցանքով:

Նախկին երեսփոխան Մոհամետ Հապաշ իր արտասանած խօսքին մէջ քննադատեց երկրին կառավարման ներկայ կերպը, որ հիմնուած է ապահովական ուժի եւ խօսքի ազատութեան ու ազատ կարծիքի ճնշման վրայ: Ան կացութենէն իբրեւ ելք առաջարկեց աշխատանք տանիլ ապահովական պետութեան վերջ տալու գաղափարին վրայ:

 

Նախորդը

ՍԻԼՎԱ ՔԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԵՐԴՈՒՄԸ ՏՈՒԱՒ. ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍՈՒՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ

Յաջորդը

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԳԱՂՏՆԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐԸ ՊԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻՆ ՄԷԿ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.