
Երէկ Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւններուն առնչուող օրակարգային շարք մը հարցեր:
Ողջունելով Աբրահամեանը` Մետվետեւ նշեց, որ Հայաստանն ու Ռուսիան ունին դաշնակցային յարաբերութիւններ, եւ այդ մասին խօսելու պէտք չկայ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած հարցերը կը վերաբերէին առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային ծիրին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան, ներառեալ` աշխուժ, արդիւնաբերական եւ ենթակառոյցներու մարզերու միացեալ ծրագիրները:
Աբրահամեան նշեց, որ անոնք կը նպաստեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման եւ յառաջընթացին:
Միաժամանակ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմ առեւտրական շրջանառութեան աճող ծաւալի մակարդակէն եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ անիկա կը շարունակէ նոր թափ ստանալ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալէն ետք:
Այցելութեան ծիրին մէջ Սոչիի մէջ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած է Ռուսիոյ տարածքին մէջ Հայաստանի եւ Հայաստանի տարածքին մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներու գտնուելու կարգի մասին համաձայնագիր:
Հայաստանի կառավարութեան անունով համաձայնագիրը ստորագրեց Տարածքային կառավարման նախարարութեան արտագաղթի պետական ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեան, իսկ Ռուսիոյ կառավարութեան անունով` Դաշնային գաղթի ծառայութեան ղեկավար Քոնսթանթին Ռոմոտանովսքի:
Համաձայնագիրով նախատեսուած է, որ կողմի մը պետութեան տարածքին մէջ ժամանակաւորապէս գտնուող միւս կողմի պետութեան քաղաքացիները ազատ կը կացուցուին մուտքի պետութեան իրաւասու մարմիններուն մօտ 30 օրուան ընթացքին արձանագրուելու (ըստ գտնուած վայրի` հաշուառման կանգնելու) պարտականութենէն:
Համաձայնագիրը նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ Հայաստանէն Ռուսիա մեկնող քաղաքացիներուն` աշխատանքային գաղթողներու համար:
Այցելութեան աւարտին Յովիկ Աբրահամեան Ռուսիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար, Հայ – ռուսական միջկառավարական տնտեսական յանձնախումբի ռուսական կողմի համանախագահ Մաքսիմ Սոքոլովի ուղեկցութեամբ այցելեց Սոչիի ողիմպիական աւան եւ ծանօթացաւ իրականացուած աշխատանքներուն:
Վարչապետի աշխատանքային այցելութիւնը աւարտեցաւ: Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Երեւան:


