Երէկ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն վրայ պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ` հակառակորդին կողմէ հրազէնային մահացու վէրք ստացաւ զինուոր` 1994-ին ծնած Մովսէս Գասպարեան:
Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախարարութիւնը կը կիսէ ծանր կորստեան ցաւը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Մովսէս Գասպարեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:


