Տրուած ըլլալով, որ ազրպէյճանական պաշտօնական լրատուամիջոցները կը հերքեն հայկական կողմին տարածած տեղեկատուութիւնը ազրպէյճանական հետախուզական խումբի ներթափանցման փորձին եւ խումբի որոշ անդամներու գերի բռնուելուն մասին, ուստի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը անհրաժեշտ նկատեց ներկայացնել որոշ լուսանկարներ, որոնք կը վկայեն խումբին եւ մասնաւորաբար գերի բռնուած զինուորներէն մէկուն` Կուլիեւ Շահպազ Ճալալօղլուի (ծնած 1968-ին, արձանագրուած Միրպաշիրի շրջանի Ղափանլի գիւղին մէջ) իսկական մտադրութիւններուն մասին:


