Երէկ` հինգշաբթի, 10 յուլիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին վիճակաձգութիւնը:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ եօթը խումբերը. Բանանց, Շիրակ, Միքա, Արարատ, Գանձասար, Փիւնիկ եւ Ալաշկերտ:
Ուլիս Երեւան պիտի չմասնակցի ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ մինչեւ սահմանուած ժամանակակէտը անիկա ախոյեանութեան մասնակցելու հաւաստագիրը չներկայացուց:


