
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, Սանթրալ Ժունիէ 3-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Անթունիէ Պաապտան, հանդիսացաւ 2014-ի Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը:
Սանթրալի դաշտին վրայ տեղի ունեցած չորրորդ մրցումին ախոյեան հանդիսացած խումբը կէտերու մեծ տարբերութեամբ արձանագրեց յաղթանակ մը` 84-40 արդիւնքով:
Աւարտին Սանթրալ ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարէն:
Նշենք, որ երկրորդ տոմսին համար Սանթրալ փլէյ-օֆի մրցում մը պիտի կատարէ Հուփսին դէմ:


