«Եուրոմակ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է Պոլսոյ մէջ կառուցել աշխարհի մեծագոյն օդակայանը:
2023-ին Թուրքիա պիտի նշէ հանրապետութեան 100-ամեակը, եւ այդ առիթով Էրտողան մտադիր է արմատապէս արդիականացնել երկիրը:
Անոր ծրագիրներուն մէջ ներառուած են քանի մը հսկայական ենթակառուցային նախագիծեր, որոնցմէ մէկը Պոլսոյ հիւսիսային հատուածին մէջ աշխարհի մեծագոյն օդակայանի կառուցումն է:
Կ՛ենթադրուի, որ օդակայանին շինարարութիւնը պիտի աւարտի 2018-ին, որմէ ետք անիկա պիտի ընդունի տարեկան 150 միլիոն ճամբորդ:


