Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Յուլիս 1964)

July 11, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ղարաբաղի Հայերուն Բողոքը

Զօր. Բաղրամեան Ղարաբաղ Ղրկուած Է
Հանդարտեցնելու Համար Շրջանի Հայութիւնը

Հայ Եւ Թուրք Բախումներ Տեղի Ունեցած Են Ղարաբաղի Մէջ

Ամերիկեան լրատու գործակալութիւններ` «Եունայթըտ Փրես Ինթերնեշընըլ» եւ Էսոշիէյթըտ Փրես» յուլիս 2-ին արձագանգ հանդիսացան այն  յուշագրին, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար շրջանէն 2500 հայեր ղրկած են վարչապետ Խրուշչեւին` բողոքելով ցոյց տրուած խտրականութեան, ճնշումին եւ ապրուստի ծայրայեղօրէն աննպաստ պայմաններուն դէմ:

Ամերիկեան մամուլն ու ձայնասփիւռը յաջորդ օրն իսկ (3 յուլիս) արձագանգ եղան երկու հեռագրական գործակալութեանց կողմէ հաղորդուած լուրին` այս առթիւ նաեւ հրատարակելով, ի միջի այլոց, յայտարարութիւնները Պոսթըն քոլեճի ընկերաբանութեան դասախօս տոքթ. Վահագն Տատրեանի, որուն  դիմաց են կարգ մը լրագրողներ` յաւելեալ ծանօթութիւններ ստանալու համար խնդրին պատմաքաղաքական նշանակութեան մասին.

«Բողոքագիրը,- կ՛ըսէ «Եունայթըտ Փրես»-ի հեռագիրը,- կը նկատուի Ստալինի մահէն ետք առաջին դէպքը, ուր փոքրամասնութիւն մը կ՛անտեսէ տեղական իշխանութիւնները եւ կը դիմէ Մոսկուայի»: Յուշագրին մէջ կ՛ըսուի, թէ` «Մեր վիճակը այժմ վատթար է, քան` 1918-1920 թուականներին, թուրք մուսաւաթական եւ անգլիական նուաճման շրջանում»:

Իսկ, տոքթ. Վահագն Տատրեան, որուն դիմած են լրագրողներ, յայտարարած է.

«Ասիկա (յուշագիրը) կենդանի եւ պերճախօս հերքումն է խորհրդային այն յամառ պնդումներուն, թէ համայնավարութիւնը յաջողութեամբ լուծած է ազգային յարաբերութեանց խնդիրը, ազգային ինքնութեան հարցին հետ կապ ունեցող տարակարծութիւններն ու արմատացած ազգայնութեան թնճուկը»:

Տոքթ. Տատրեան տեղեկացած է նաեւ, թէ երբ խնդրոյ առարկայ յուշագիրը հասած է Մոսկուա, դէպքին վայրը ղրկուած է հայ հերոս զինուորական մարաջախտ Բաղրամեան` ընկերակցութեամբ ռուս զինուորական դէտի մը: Աւելի ուշ, Բաղրամեան եղած է հիւրը Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան, Երեւանի մէջ:

«Որքան գիտենք` եզրակացուցած է տոքթ. Տատրեան,- այս յուշագրին առնչաբար յստակ որեւէ քայլ առնուած չէ»:

«Պոսթըն Հերըլտ» թերթը յուլիս 5-ի իր թիւին մէջ, տոքթ. Վ. Տատրեանի վերոգրեալ մեկնաբանութիւնը տալէ ետք, կը գրէ.

«Փախստական փաստաթուղթերը (կ՛ակնարկէ յուշագրին, Ա.) կը հաստատեն, թէ անհանգստութիւն եւ զինեալ բախումներ կան հայերու եւ թուրքերու միջեւ, Անդրկովկասի մէկ գօտիին մէջ:

«Զօրավար Բաղարմեանին ուղեւորութիւնը դէպի դէպքին վայրը նպատակ ունի հանդարտեցնելու հայերը այդ շրջանին մէջ եւ կանխելու կրկնութիւնը թուրքեւհայ հաւանական բախումներու: Հանրագրութիւնը, իբրեւ երեւոյթ, ի յայտ կը բերէ քաջութիւնը եւ յանդգնութիւնը զայն ստորագրողներուն եւ կը հանդիսանայ ուշագրաւ դէպք մը խորհրդային կեանքի մէջ»:

Ուրիշ թերթ մը` «Պոսթըն կլոպ», նոյն օրը, տալէ ետք «Եունայթըտ Փրես»-ի հեռագիրը, կ՛աւելցնէ.

«Ղարաբաղ կը գտնուի Հայաստանի արեւելակողմը, ազրպէյճանական հակակշռի տակ: Խրուշչեւի կողմէ վերջերս ցոյց տրուած ազատական ոգին յոյս կը ներշնչէ հայերուն, որ ան կրնայ օժանդակել իրենց իրաւունքներու գոհացման: Այսուհանդերձ, ցարդ ոչ մէկ արդիւնք տուած է կատարուած դիմումը»:

Աւելցնենք նաեւ, թէ Ղարաբաղի հայերուն այս դիմումը արձագանգ գտած է նաեւ եւրոպական մամուլին մէջ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Դասական Գիրքեր Նստարանի Կը Վերածուին

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.