«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ յայտնեց, որ Ալճերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վահիտ Հալիլհոծիչ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, հակառակ անոր որ ան յաջողեցաւ իր կազմը հասցնել 2014-ի Մոնտիալի 1-16-րդ հանգրուանին:
Իր հրաժարականին լուրը 61 տարեկան պոսնիացին յայտարարեց Ալճերիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին վրայ:


