Երէկ, Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի բժիշկ Տանիել Մարթինես իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ միջնապահ Սերճիօ Ակուերօ ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հոլանտայի դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումին:
Նշենք, որ 26 տարեկան Ակուերօ վնասուածք ստացաւ Նիկերիոյ դէմ տեղի ունեցած Ա. հանգրուանի մրցումներուն:
Մարթինես ըսաւ, որ ազգային խումբին իր խմբակիցներուն հետ իր կատարած երեք փորձերուն ընթացքին Ակուերօ փաստեց, որ գտած է իր անցեալի կազմուածքը եւ իբրեւ սովորական մարզիկ կրնայ դաշտ ներկայանալ:


