Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կրցած է Պրիթելի մէջ ձերբակալել առեւանգումներ կատարելու, թմրեցուցիչի մաքսանենգումի եւ աւազակութեան յանցանքներով դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած վտանգաւոր յանցագործներէն Քասեմ Սալահ Հիւսէյնին եւ անոր եղբայրը` Զէյնէլ Ապիտինը:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժեր երէկ 5 փամփուշտ կրակած են Հուսամ Աքքաշա անունով լիբանանցի հովիւի մը վրայ եւ փորձած առեւանգել զայն` Սըտտանէ լերան բարձունքին վրայ:
Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, Աքքաշա կրցած է փախուստ տալ եւ հասնիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող միջազգային խաղաղապահ ուժերու հնդկական ջոկատին դիրքերը:


